Քոնկրեսականներ Հայ Գերիներու Անյապաղ Ազատ Արձակումը Պահանջեցին -
Քոնկրեսականներ Հայ Գերիներու Անյապաղ Ազատ Արձակումը Պահանջեցին
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Պրետ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Ճիմ Քոսթա, Ճուտի Չու եւ Լորա Ֆրիտմըն 23 յունիսին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տուին «1000 օր. Հիմա ազատ արձակեցէ՛ք հայ պատանդները» խորագրեալ մամլոյ ասուլիսը` Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պատանդ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներուն եւ քաղաքացի պատանդներուն բանտարկութեան 1000-րդ օրուան առիթով: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցաւ անոր գործադիր վարիչը` Արամ Համբարեան:
Առնուազն 19 հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքային պատանդներ կը շարունակեն ապօրինի կերպով պահուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ: Անոնց մէջ կան` Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան (2022-2023), Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան (2020-2023), Բակօ Սահակեան (2007-2020) եւ Արկադի Ղուկասեան (1997-2007), ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան եւ նոյն բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան:
Յատկանշական է, որ մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ այն միջոցին, երբ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կը պատրաստուի քննարկել Շըրմընի օրէնսդրական փոփոխութեան առաջարկը, որ Պաքուէն կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները:
Իր խօսքին մէջ, Շըրմըն յիշեց 2023-ին Արցախը հայաթափելու Ազրպէյճանի արշաւը, սկսելով շրջափակումէն ու հասնելով ռազմական գործողութիւններուն, որոնց պատճառով աւելի քան 100.000 հայեր բռնի կերպով տեղահանուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն: Ան արտայայտուեցաւ Արցախի ղեկավարներուն բեմականացուած դատավարութիւններուն եւ անոնց ընթացքին ներկայացուած երեւակայածին ամբաստանութիւններուն մասին` շեշտելով, որ իսկական խաղաղութիւն կարելի է հաստատել բոլոր գերիներուն ազատ արձակումէն ետք:
Չու խօսեցաւ Արցախ կատարած իր այցելութեան մասին, որուն պատճառով Պաքու արգիլած էր անոր Ազրպէյճան մուտքը: Ան շեշտեց, որ տեղահանուած արցախցիները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենիքը, եւ անմիջական քայլերու պէտք է դիմուի պաշտպանելու համար Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը:
Ֆրիտմըն դատապարտեց հայ գերիներու կեղծ դատավարութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը բնաջնջելու Պաքուի քաղաքականութիւնը` Ազրպէյճանի վարչախումբը պատասխանատուութեան կանչելու կոչ ուղղելով:
Քոսթա պահանջեց Ազրպէյճանէն, որ իր ուժերը հեռացնէ Հայաստանի հողերէն, եւ դատապարտեց հայ գերիները պատանդ պահելու Պաքուի քաղաքականութիւնը` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցնէ Պաքուի վրայ` ապահովելու համար հայ գերիներուն ազատ արձակումը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com