Թրամփ. «Էրտողան Քիչ Մնաց Իրանի Կողքին Պատերազմին Պիտի Մասնակցէր, Սակայն Կոչիս Ընդառաջելով Չմիջամտ -
Թրամփ. «Էրտողան Քիչ Մնաց Իրանի Կողքին Պատերազմին Պիտի Մասնակցէր, Սակայն Կոչիս Ընդառաջելով Չմիջամտեց»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ մտադիր է Անգարայի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցիլ` մեկնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ իր յարգանքէն:
Թրամփ նշեց, որ Էրտողան ընդառաջած է շրջանային պատերազմին չմիջամտելու իր ուղղակի կոչին:
«Ան բարեկամս է, եւ պատերազմէն դուրս մնաց: Ան Իրանի կողքին պատերազմին միջամտելու բնական թեկնածու էր… միւս կողմէ` ան Իսրայէլի մեծ համակիր մը չէ, ինչպէս գիտէք: Անոր կոչ ուղղեցի պատերազմէն դուրս մնալու, եւ դուրս մնաց»:
«Լաւ աշխատանք կատարեցինք: Էրտողան մեծ ղեկավար է, շատ ուժեղ անձ մը, եւ մեծ բանակ մը ունի: Անոր կոչ ուղղեցի անկէ դուրս մնալու, եւ այդպէս ըրին: Մարդիկ անակնկալի եկան», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ապահովական «նուէրներու կողով»-ո՞վ Թուրքիա պիտի երթայ, Թրամփ պատասխանեց. «Կը կարծեմ: Ան ՕԹԱՆ-ի հզօր անդամ է: Ես հաւանաբար պիտի ընեմ բան մը, որ զինք շատ պիտի ուրախացնէ»:
«Թուրքիան ունի ռազմական արդիւնաբերութեան ճարտարարուեստ մը, որ 50 հազար ընկերութիւններէ կը բաղկանայ: Ասիկա անոր շնորհիւ շատ հզօր բանակ մըն է», նշեց ան:
Ան ըսաւ, որ ինք անձամբ միջամտած է եւ Էրտողանին կոչ ուղղած` ճակատումէն դուրս մնալու` աւելցնելով, որ Էրտողան ընդառաջած է իր կոչին: «Ինծի հեռաձայնեց եւ ըսաւ` հաճիս, պէտք է գաս, Միացեալ Նահանգները պէտք է այստեղ ըլլան: Ուստի, կ՛երթամ, առ ի յարգանք նախագահ Էրտողանին», յայտնեց Թրամփ:
Վանս . « Թուրքիոյ « Էֆ -35»- ե ր Ստանալու Կարելիութիւնը Վերատեսութեան Կ՛ ե նթարկուի »
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս նշեց, որ 2019 թուականին Անգարայի ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգեր ստանալուն լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու Թուրքիոյ «Էֆ-35» տիպի հալածիչներ ծախելու կարելիութիւնը վերատեսութեան կ՛ենթարկուի:
Վանս լրագրողներու յայտնեց. «Փիթն (Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթը, «Ա.») ու անոր խումբը ներկայիս այդ հարցը վերատեսութեան կ՛ենթարկեն, որովհետեւ գոյութիւն ունին կարգ մը հարցեր, որոնց ապահովումը կը ստուգենք… յարգելով ամերիկեան օրէնքը: Նախագահը մեզմէ պահանջեց ատիկա կատարել»:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com