Հասանով. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Քաղաքացիներուն Համար Կարելիութիւն Պիտի Ստեղծուի Գաղտնի Տեղեկութ - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

01 Temmuz 2026  

Հասանով. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Քաղաքացիներուն Համար Կարելիութիւն Պիտի Ստեղծուի Գաղտնի Տեղեկութ -

Հասանով. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Քաղաքացիներուն Համար Կարելիութիւն  Պիտի Ստեղծուի Գաղտնի Տեղեկութ Հասանով. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Քաղաքացիներուն Համար Կարելիութիւն Պիտի Ստեղծուի Գաղտնի Տեղեկութիւն Տրամադրելու Անհետ Կորսուածներու Եւ Թաղման Վայրերու Մասին»

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար կարելիութիւն պիտի ստեղծուի գաղտնի տեղեկութիւն տրամադրելու անյայտ կորսուածներու եւ թաղման վայրերու մասին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան պետի տեղակալ Շարաֆաթ Հասանով` Անհետ կորսուած անձերու հարցերով միջազգային յանձնախումբին հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցող «Անհետ կորսուած անձերու խնդիրի լուծման ժամանակակից մօտեցումները եւ համագործակցութեան ամրապնդումը» նիւթով միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին:

«Համակարգի ծիրին մէջ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար գաղտնի տեղեկութիւն տրամադրելու անհետ կորսուած անձերու, ինչպէս նաեւ թաղման վայրերու մասին:

«Տրամադրուած տեղեկութիւնները պիտի օգտագործուին բացառապէս մարդասիրական նպատակներով, իսկ տեղեկութիւն տրամադրող անձը որեւէ պարագայի պատասխանատուութիւն պիտի չկրէ: Այստեղ նպատակը անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրի բացայայտման նպաստելն է», նշած է Հասանով:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+