Ըստ «Այ24նիուզ»-ի. Քնեսեթը Յառաջիկայ Շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւին Շուրջ Քուէարկո - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

02 Temmuz 2026  

Ըստ «Այ24նիուզ»-ի. Քնեսեթը Յառաջիկայ Շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւին Շուրջ Քուէարկո -

Ըստ «Այ24նիուզ»-ի.  Քնեսեթը Յառաջիկայ Շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Ճանչցող Բանաձեւին Շուրջ Քուէարկո Ըստ «Այ24նիուզ»-ի. Քնեսեթը Յառաջիկայ Շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւին Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր երեքշաբթի օր իսրայէլեան կառավարութեան միաձայն հաւանութեան արժանացած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ներկայացուցած է Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսեթի լիագումար նիստին` յառաջիկայ շաբաթ անոր շուրջ քուէարկութիւն կատարելու համար: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Այ24ՆԻՈՒԶ»-ը` նշելով. «Սահեր ուժեղ կերպով ներկայացուց բանաձեւին բարոյական ու պատմական շրջագիծը»:

Սահեր յայտարարած է, թէ այլեւս որեւէ արդարացի պատճառ չկայ յետաձգելու կամ խուսափելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլէն:

«Այ24ՆԻՈՒԶ» կը գրէ, թէ «կառավարութիւնը, բարոյական եւ պատմական պարտաւորութեան լոյսին տակ, որոշած է ճանչնալ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան», ըսած է ան եւ շեշտելով ողբերգութեան տարողութիւնը նշած. «Աւելի քան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած ցնցիչ ցեղասպանութեան, մէկուկէս միլիոն մարդոց մասին կը խօսինք»:

«Անդրադառնալով քաղաքական վաղեմի նրբութիւններուն` Սահեր յստակ դարձուց, թէ քայլը պատմական ճշմարտութեան մը անկախ հաստատում մըն է, եւ ոչ թէ քաղաքական ժամանակաւոր խուսանաւում մը: Ան յայտնեց. «Կառավարութեան մէջ մեր տուած որոշումը Իսրայէլի կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում է: Երբեք ուշ չէ ճիշդ բանը ընելու»: Հաշուի առնելով փոփոխութեան կարեւորութիւնը` Սահեր աւելցուց, որ կառավարութիւնը խնդրած է յայտարարութիւնը ուղղակիօրէն ներկայացնել Քնեսեթին` զայն Քնեսեթի լիագումար նիստին մէջ քուէարկութեան դնելու համար», կը գրէ իսրայէլեան լրատուամիջոցը:

Ան խորհրդարանի անդամներուն կոչ ուղղած է` յառաջիկայ շաբաթ իսրայէլեան օրէնքը պատմական ճշմարտութեան համահունչ դարձնելու օգտին քուէարկելու, այդպիսով Իսրայէլին արտօնելու միանալ ժողովրդավարական պետութիւններու, որոնք արդէն իսկ իրենց ճանաչումը բանաձեւած են:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+