​Ծայրայեղականներ թքած են Երուսաղէմի հայոց վանքի մուտքին - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

04 Ağustos 2026  

​Ծայրայեղականներ թքած են Երուսաղէմի հայոց վանքի մուտքին -

​Ծայրայեղականներ թքած են Երուսաղէմի հայոց վանքի մուտքին ​Ծայրայեղականներ թքած են Երուսաղէմի հայոց վանքի մուտքին

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Սուրբ Յակոբ վանքի մուտքին տեղի ունեցած միջադէպէն ետք իսրայէլեան ոստիկանութիւնը ձերբակալեց վեց հրեայ կասկածեալ, որոնք ըստ հաղորդումներուն՝ թքած էին վանքի մուտքին վրայ։ Դէպքը նոր մտահոգութիւններ յառաջացուց Երուսաղէմի պատմական հայկական համայնքին դէմ աճող ոտնձգութիւններուն եւ Հայկական թաղամասին շուրջ շարունակուող լարուածութեան մասին։
Իսրայէլի վեց հրեայ բնակիչներ ձերբակալուած են Կիրակի վաղ առաւօտեան՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Սուրբ Յակոբ վանքի մուտքին վրայ ենթադրեալ յարձակումէ մը ետք։ Միջադէպը տեղի ունեցած է Հին քաղաքի Հայկական թաղամասին մէջ եւ դարձած է Երուսաղէմի պատմական հայ համայնքին դէմ յարձակումներուն մասին հերթական ահազանգը, կը հաղորդէ The Armenian Report-ը։

«Թայմզ օֆ Իսրայէլ»ի տուեալներով՝ տղամարդոց խումբ մը մօտաւորապէս ժամը 01։00-ին հաւաքուած է վանքի մուտքին մօտ եւ բազմիցս թքած է անոր տարածքին վրայ։

Տեղական աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ միջադէպէն ետք ոստիկանութիւնը ձերբակալած է վեց կասկածեալներ։ Տեղի ունեցածին հանգամանքներն ու մասնակիցներուն հաւանական շարժառիթները կը պարզուին։

Երուսաղէմի Հայկական թաղամասը Հին քաղաքի չորս պատմական թաղամասերէն մէկն է՝ հրեայ, իսլամական եւ քրիստոնէական թաղամասերուն կողքին։ Հայ համայնքը հոն կը բնակի դարերէ ի վեր, իսկ Սուրբ Յակոբ վանքը կը համարուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս հայ քրիստոնէութեան կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն մէկը։

Միջադէպը տեղի ունեցած է Հայկական թաղամասին շուրջ շարունակուող լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, ուր վերջին տարիներուն սրած են համայնքին պատկանող տարածքներուն նկատմամբ իրաւունքներուն եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման առնչուող վէճերը։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+