Լիլիթ Գալստեանը` Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Մշտական Յանձնախումբի Նախագահի Թեկնածու -
Լիլիթ Գալստեանը` Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Մշտական Յանձնախումբի Նախագահի Թեկնածու
Ազգային ժողովին մէջ երէկ շարունակուեցաւ յանձնախումբերու նախագահներու թեկնածութիւններու քննարկումը: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մշտական յանձնախումբին համար ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջադրեց Լիլիթ Գալստեանի թեկնածութիւնը:
Մինչ այդ պատգամաւորները կը քննարկէին կրթութեան յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած ՔՊ-ական Սիսակ Գաբրիէլեանի թեկնածութիւնը:
Երէկ պատգամաւորները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձան նաեւ Տարածքային կառավարման եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան մշտական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին համար ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան առաջադրած Դաւիթ Ղազինեանի թեկնածութեան:
Խորհրդարանական յանձնախումբերէն 8-ի նախագահներու թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, 3-ինը` «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը, 1-ինը` «Հայաստան» խմբակցութիւնը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com