«Թուրքիան Ռազմավարական Մարտահրաւէր Կը Ներկայացնէ» Կը Գրէ «Ճերուզալեմ Փոսթ» -
«Թուրքիան Ռազմավարական Մարտահրաւէր Կը Ներկայացնէ» Կը Գրէ «Ճերուզալեմ Փոսթ»
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը գրեց. «Անգարայի խիստ թշնամական կառավարութեան հովանիին տակ Սուրիոյ մէջ թրքական ուժեղ զինուորական ներկայութեան ի յայտ գալը խորքային այլ մարտահրաւէրներ պիտի ստեղծէ. թրքական ռատարները, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, օդանաւերն ու անօդաչու թռչող սարքերը կրնան սահմանափակել Իսրայէլի տեղաշարժի ազատութիւնը եւ առանց այդ ալ անկայուն հիւսիսային բեմը վերածել այնպիսի բեմի, ուր ներգրաւուած պիտի ըլլան ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան զինեալ ուժերը»:
«Սուրիան կը շարունակէ մնալ անկայուն իրավիճակի մէջ, եւ Իսրայէլ բոլոր հիմքերը ունի կասկածելու անոր նոր կառավարիչներու մտադրութիւններուն եւ գոյատեւման վրայ», աւելցուց օրաթերթը:
«Թուրքիան լուրջ ռազմավարական մարտահրաւէր կը ներկայացնէ, եւ յատկապէս այս պատճառով Իսրայէլ պէտք է համատեղէ հաւաստի զինուորական կարմիր գիծերը շարունակական դիւանագիտութեան հետ», նշեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»:
«Երբ այլընտրանքը սուրիական հողի վրայ ՕԹԱՆ-ի պատկանող բանակի հետ բախումն է, հաղորդակցութիւնը թուլութիւն չէ, այլ ազգային անվտանգութեան հարց», նշեց օրաթերթը:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին նշեց. «Գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը զսպելու բանալին ներկայիս Սպիտակ տան մէջ է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հազարաւոր պատճառներ ունի շտապ կերպով միջամտելու եւ ճշդելու հոլովոյթ մը, ուր սահման կը դնէ Սուրիոյ մէջ թուրքերու շարժումին, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը ստեղծէ համակարգման եւ երկխօսութեան մեքանիզմ մը երկու պետութիւններուն միջեւ, որոնք անցեալին լաւագոյն բարեկամներ էին, իսկ ներկայիս վերածուեցան թշնամիներու նման բանի մը»:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com