Լաւրով. «Ռուսական Կողմի Հասցէին Հայկական Կողմի Որոշ Վերջին Յաւակնութիւններն Ու Դժգոհութիւնները Զա -
Լաւրով. «Ռուսական Կողմի Հասցէին Հայկական Կողմի Որոշ Վերջին Յաւակնութիւններն Ու Դժգոհութիւնները Զարմանք Կը Յառաջացնեն»
Ռուսական կողմի հասցէին հայկական կողմի որոշ վերջին յաւակնութիւններն ու դժգոհութիւնները զարմանք եւ «կուրծքի մէջ զգացումներ» կը յառաջացնեն: Այս մասին ՌԲԿ պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Մենք փոխվարչապետներու մակարդակով կանոնաւոր հաղորդակցութիւններ ունինք: Հայերը հետաքրքրող որեւէ հարց կարելի է քննարկել, ներառեալ իրավիճակը առնչուած «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-ի, որ կը գտնուի «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու արտօնատիրական կառավարման տակ: Զարմանքով կը լսենք, թէ այդ հարցերը ինչպէ՛ս… Եթէ նոյնիսկ անոնք ծագած են, պատմէ քու գործընկերոջդ, թէ այդ մասին ի՛նչ կը մտածես:
«Սակայն ատոր փոխարէն հայկական կողմէն հրապարակային յայտարարութիւն կը կատարուի, թէ ատիկա ընդհանրապէս իրենցն է, եւ ընդհանրապէս մենք իրենց 2 միլիառ պարտք ունինք: Կը հասկնամ, որ ատիկա տնտեսական վերլուծութեան վրայ հիմնուած գնահատականներէն բացի, մեր քաղաքացիներուն մօտ կուրծքին մէջ զգացումներ կը յառաջացնէ: Ես բացառութիւն չեմ», նշած է Լաւրով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ինչպէ՞ս կարելի է Ուքրանիոյ մէջ գործուած նոյն սխալները չգործել, ան ընդգծած է, թէ ռուսական կողմէն ամէն ինչ կատարուեցաւ:
«Մեր բոլոր դիրքորոշումները եւ այն առաւելութիւնները, որոնք Հայաստանը կը ստանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն` մեզմէ ուժանիւթ ստանալով 3-4 անգամ աւելի աժան, քան Եւրոպական Միութեան գիները: Կը հիմնուիմ այն կէտին վրայ, որ այնտեղ լաւ տնտեսագէտներ կան», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
«Ուղղակի վերջերս նորութիւններուն մէջ կը կարդայի, որ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ հանրաքուէի մասին կարելի կ՛ըլլայ խօսիլ, երբ իրենք Եւրոպական Միութեան դիմում ներկայացնեն, երբ ատոր արձագանգ ըլլայ եւ երբ պատրաստուի այդ անդամակցութեան «ճամբու քարտէս»-ը: Այն ժամանակ ալ, անոր համաձայն, հանրաքուէն պիտի ըլլայ», յիշեցուցած է նախարարը:
«Իմ կարծիքով` ատիկա կը վկայէ հայ ընտրողներուն, հայ ժողովուրդին հանդէպ ոչ այնքան մեծ վստահութեան մասին: Պէտք է ազնիւ ընտրութիւն ցոյց տալ. որոնց միջեւ ընտրութիւն կը կատարես, հիմա ինչպէ՞ս կ՛ապրիս, երբ վերջին երեք տարիներու ապրանքաշրջանառութիւնը եղած է աւելի քան վեց միլիառ, մէկ տարի` 12 միլիառ: Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանը ԵԱՏՄ-ի հաշուոյն կը զարգանար», նկատած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը, խօսելով Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր որդիի կայանաւորման վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքորոշման մասին, յայտնած է. «Այնտեղ քննութեան տակ է եւս մէկ նախագահ` Սարգսեանը, որ Քոչարեանի օրով պաշտպանութեան նախարար էր, իսկ յետոյ արդէն դարձաւ նախագահ: Մեր արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքորոշումը այն է, որ մենք կը մեկնինք հայ ժողովուրդի շահերէն:
«Մենք կը տեսնենք, թէ հայ ժողովուրդի շահերը ինչպէս դարերու ընթացքին հիւսուած եղած են մեր ժողովուրդի շահերուն հետ: Եւ միշտ, երկար ու ձիգ ժամանակահատուածներ, մենք եղած ենք միասին, իրարու հետ համերաշխ: Ռուսիան մէկէ աւելի անգամներ հայ ժողովուրդն ու հայ ղեկավարութիւնը փրկած է ծանր իրավիճակներէ: Այդ շահերը, անշուշտ, պէտք է գերիշխեն»:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com