Էրտողան. «Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Աջակցիլ» -
Էրտողան. «Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Աջակցիլ»
Թուրքիան պիտի շարունակէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման աջակցիլ: «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Պիշքեքի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումի ընթացքին:
Էրտողան Խըրխըզիստանի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցէր Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) պետութիւններու ղեկավարներու 26-րդ վեհաժողովին:
Կողմերը քննարկած են Թուրքիա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ համաշխարհային զարգացումները:
Էրտողան նշած է, որ յատկապէս ուժանիւթի, ենթակառոյցներու եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կատարած համագործակցութեան քայլերու նշանակութիւնը շրջանին մէջ ստեղծուած պայմաններուն մէջ աւելի լաւ կ՛ընկալուի:
Անոր համաձայն, «երկու պետութիւն, մէկ ազգ» սկզբունքի հիման վրայ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ պիտի նպաստեն երկու երկիրներու շահերուն:
Էրտողան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման:
Անոր համաձայն, շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը «կենարար ուժ» պիտի հաղորդէ շրջանին:
Հանդիպման ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը Ազրպէյճանի նախագահը հրաւիրած է Անթալիոյ մէջ գումարուելիք ՔՈՓ31 վեհաժողովին:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com