Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հ -
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ Հայաստանի հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան հաստատման որոշակի ժամկէտները հաստատելէ հրաժարիլը Պրիւքսելի` հանրապետութեան «եւրոպական ապագայ»-ի մասին խոստումներուն պատրանքային ըլլալը ցոյց կու տայ: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը:
«Օրինակ` բոլորովին վերջերս, երբ Եւրոպական յանձնաժողովին մէջ, ըստ էութեան, ուղղակի կերպով հերքեցին Նիկոլ Փաշինեանի մինչեւ 2029 թուական մուտքի արտօնագիրի ազատականացման հասնելու մասին խօսքերը: Ատիկա կ՛ընդգծէ «հիասքանչ եւրոպական ապագայ»-ի խոստումներուն ամբողջ պատրանքայնութիւնը եւ հայկական պետութեան նկատմամբ Պրիւքսելի օգտապաշտ ընկալումը», ըսած է դիւանագէտը:
Անոր համաձայն, Մոսկուայի մէջ այն կարծիքը ունին, թէ եւրոպական երկիրները Հայաստանը կ՛ընկալեն նախ եւ առաջ սեփական տնտեսական եւ քաղաքական շահերու տեսանկիւնէն:
«Իրենց «խնամարկեալներուն» մէջ եւրոպացիները կը տեսնեն միայն հարստութիւններու, աշխատուժի աղբիւր, ինչպէս նաեւ լիովին ապաարդիւնաբերականացուած իրենց սեփական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու սպառման շուկայ, ներառեալ անվտանգութեան ապահովումը, որուն համար ստիպուած են բոլոր իմաստներով սուղ վճարել», աւելցուցած է Կալուզին:
Անդրադառնալով Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանի հարցին` Կալուզին յայտարարած է. «Հայկական կողմէն Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի դուրսբերման վերաբերեալ դիմումներ չենք ստացած: Մենք նախկինին պէս կը մեկնինք այն բանէն, որ անիկա Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան ճարտարապետութեան կարեւոր տարր է»:
Կալուզինի համաձայն, ռուսական զինուորական ներկայութեան նիւթը այժմ աշխուժ կերպով կը քննարկուի Հայաստանի հասարակական-քաղաքական տիրոյթին մէջ, սակայն Մոսկուան տակաւին ատոր իրական այլընտրանք չի տեսներ:
«Շատերը ամբողջովին արդարացիօրէն կը հարցնեն. իսկ ո՞րն է այլընտրանքը: Այսօրուան դրութեամբ, մեր կարծիքով, այդպիսին չի նկատուիր: Անկեղծօրէն, դժուար է պատկերացնել այս դերին մէջ, օրինակ` ֆրանսացի զինուորները: Թէկուզեւ Հայաստանէն Ֆրանսայի աշխարհագրական հեռաւորութեան ուժով», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Կալուզին աւելցուցած է, որ Ռուսիան պատրաստ է քննարկել Հայաստանի հետ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտի համագործակցութեան շարունակութիւնը, ներառեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած երկկողմանի յարաբերութիւններու «գոյքագրման» ծիրին մէջ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր, թէ Ռուսիան պատրաստ է իր զինուորները դուրս բերել Հայաստանէն, եթէ Երեւանը նման խնդրանքով դիմէ: Փաշինեան աւելի ուշ ըսած էր, որ Հայաստան պիտի չառարկէ, եթէ Ռուսիան համապատասխան որոշում տայ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com