Երուսաղէմի Դատարանը Չբաւարարեց Հայկական Ճեմարանի Սաներէն Մէկուն Դէմ Մեղադրանքը - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

05 Kasım 2011  

Երուսաղէմի Դատարանը Չբաւարարեց Հայկական Ճեմարանի Սաներէն Մէկուն Դէմ Մեղադրանքը -

Երուսաղէմի Դատարանը Չբաւարարեց Հայկական Ճեմարանի Սաներէն Մէկուն Դէմ Մեղադրանքը Երուսաղէմի Դատարանը Չբաւարարեց Հայկական Ճեմարանի Սաներէն Մէկուն Դէմ Մեղադրանքը

Ուլդրա-ուղղափառ երիտասարդ հոգեւորականները մշտապէս կը հայհոյեն եւ կը թքեն քրիստոնեայ հոգեւորականներու վրայ՝ Երուսաղէմի հին քաղաքի փողոցներուն մէջ: Հոգեւորականները, իբրեւ կանոն, կ’անտեսեն ոտնձգութիւնները, սակայն երբեմն կը պատասխանեն: Այս մասին կը գրէ իսրայէլեան Haaretz պարբերականը` նշելով, որ անցեալ շաբաթ Երուսաղէմի դատարանը չբաւարարեց հայկական ճեմարանի սաներէն մէկուն դէմ մեղադրանքը:

Յովհաննէս Մարատէրսեան Մայիսի 28ին Հին քաղաքի փողոցներով քալերու ժամանակ՝ երիտասարդ ուլդրա-ուղղափառ հրէա մը թքած է անոր վրայ: Յովհաննէս՝ ի պատասխան՝ բռունցքով հարուածած է թքողի դէմքին: Հրէայի դէմքը արիւնոտած է: Ան Յովհաննէսի դէմ մեղադրանք ներկայացուցած է՝ իր վրայ յարձակելու համար, սակայն դատաւոր Տով Պուլոք, որ անսպասելիօրէն որոշում կայացուցած է գործը վարոյթ չընդունելու, իր դատավճիռին մէջ գրած է. “Մեղադրեալի աթոռին նստեցնել մէկը, որ ընդամէնը մէկ անգամ հարուածած է այն մարդու դէմքին, որ տարիներ շարունակ նուաստացուցած է զիրք` թքելով դէմքին, երբ վերջինը կը շրջի հոգեւորականի իր հագուստով, բացարձակապէս կը հակասէ արդարութեան եւ պատշաճութեան սկզբունքներուն”:

“Չըսեմ, որ հոգեւորականի հագուստով մարդու դէմքին թքելը քրէականան յանցանք է”,- նկատած է դատաւորը:
Թերթը նաեւ զրուցած է գանատահայ Նարեկ Կարապետեանի հետ, որ Իսրայէլ մեկնած էր կէս տարի առաջ՝ Երուսաղէմի հայկական ճեմարանին մէջ ուսանելու համար: Այն ժամանակ ան չէր գիտեր, որ ուլդրա-ուղղափառները ամէն օր պիտի անարգեն, հայհոյեն իրեն ու թքեն վրան Հին քաղաքի փողոցներուն մէջ:

Ան պատմած է, որ մէկ ամիս առաջ երկու երիտասարդ թքած են իր վրայ: Թուքը անորկօշիկներուն չէ հասած, բայց վիրաւորած է հոգին: Նարեկը որոշած է, որ այս անգամ միւս այտը դէմ չտայ՝ ապտակելու համար:

Ան բարկացած է, երկուքը միասին պատին դէմ տալով՝ հարցուցած է, թէ ինչու այդպէս կը վարուին: Անոնք վախցած են, ներողութիւն խնդրած ու հեռացած: Նարեկ, սակայն, կը նկատէ, որ միշտ այդպէս չըլլար. Երբեմն թքողները կը պատասխանեն ու կը յարձակին:

Երուսաղէմի հայկական եկեղեցւոյ միւս հայ հոգեւորականներն ալ դժգոհած են, որ իրենց հանդէպ ոտնձգութիւններ կ’իրականացնեն բոլորը` աւագ քարտինալներէն մինչեւ ճեմարանի սաները: Իբրեւ կանոն, անոնք կ’անտեսեն վիրաւորանքը, իսկ երբ ոստիկանութեան կը դիմեն, անոնք սովորաբար չեն գտներ իրենց հետապնդողները:

Մարատէրսեան Իսրայէլը լքած է մէկ տարի առաջ: Եկեղեցին տուն ուղարկած է անոր եւ եւս երկու ուսանող, որոնք համարձակած էին պատասխանել իրենց վրայ թքողներուն:

Նոյն հետապնդումներուն եւ անարգանքին տարիներ շարունակ կ’արժանանան նաեւ յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ սպասաւորները:

Երուսաղէմի հայկական թեմի գլխաւոր թարգման Գուսան Ալճանեան թերթին ըսած է, որ երտասարդները երբեմն շատ տաքարիւն են, չեն զսպեր իրենց բարկութիւնը եւ ոստիկանութիւն դիմելու փոխարէն կը գերադասեն պատասխանել իրենց վիրաւորողներուն, ոչ թէ կուլ տալ վիրաւորանքը:

Անոր կարծիքով` փողոցին վրայ հայերը անարգողները մոլեռանդներ են եւ չեն արտայայտեր ընդհանուր հասարակական կարծիքը:

Ինքը` Գուսանը, կը փորձէ հնարաւորինս քիչ երեւալ Հին քաղաքի փողոցներուն վրայ: Վերջին անգամ, երբ ան եղած է Հին քաղաքի փողոցներուն վրայ, չորս տարբեր մարդիկ թքած են անոր վրայ:

http://tert.am/hy/news/2011/11/05/jerusalem/?sw





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+