Ցոյց` Ընդդէմ Պոլսոյ Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Կիրարկուած Բռնութիւններուն - Հայերէն
04 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Մարգար / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

14 Şubat 2013  

Ցոյց` Ընդդէմ Պոլսոյ Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Կիրարկուած Բռնութիւններուն -

Ցոյց` Ընդդէմ Պոլսոյ Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Կիրարկուած Բռնութիւններուն Ցոյց` Ընդդէմ Պոլսոյ Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Կիրարկուած Բռնութիւններուն

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը, Երիտասարդ դիւանագէտներու ակումբ երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Երիտասարդ Գետաշէն երիտասարդական բարեգործական հիմնադրամը ներկայացնող խումբ մը ցուցարարներ երէկ ցոյց կատարեցին դէպի Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակ` բաց նամակ յանձնելու Թուրքիոյ մէջ հակամարդասիրական բռնութիւններուն վերաբերեալ:

«Ցեղասպան Թուրքիան պէտք է պատժուի», «Ոչ մէկ զիջում Թուրքիոյ», «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւն» ցուցապաստառները պարզած գործիչները կը վանկարկէին. «Ամօ՛թ միջազգային հանրութեան, ցեղասպան Թուրքիան պէտք է պատասխան տայ»:

Բաց նամակին մէջ գրուած էր հետեւեալը. «Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքի Սամաթիա թաղամասին մէջ հայազգի կիներու նկատմամբ կ՛իրականացուին շարունակական յարձակումներ եւ բռնութիւններ: Այս առնչութեամբ թրքական իշխանութիւններու թոյլտուութեան եւ կրաւորական կեցուածքը պարարտ հող ստեղծած են այդ երկրին մէջ ատելութեան, անհանդուրժողականութեան, հայութեան մէջ վախի մթնոլորտի ձեւաւորման համար:

«Անյապաղ կը պահանջենք Թուրքիոյ իշխանութիւններէն` ապահովել իրենց քաղաքացիներուն ապահովութիւնը եւ հետամուտ ըլլալ վերոնշեալ ոճիրներու բացայայտման եւ դատապարտման:

«Կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ին, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհուրդին եւ այլ միջազգային ու իրաւապաշտպան կառոյցներուն` անյապաղ արձագանգելու թրքական իշխանութիւններու անգործութեան եւ համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելու այդ երկրին մէջ ազգայնամոլական հետապնդումներու կասեցման ու անմեղ մարդոց պաշտպանութեան համար»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+