Իտալիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանը Իտալացի Դպրոցականներուն Հայաստանի Քարերով Պատրաստուած Ճատրակ Նուիրած է - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

21 Ekim 2011  

Իտալիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանը Իտալացի Դպրոցականներուն Հայաստանի Քարերով Պատրաստուած Ճատրակ Նուիրած է -

Իտալիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանը Իտալացի Դպրոցականներուն Հայաստանի Քարերով Պատրաստուած Ճատրակ Նուիրած է Իտալիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանը Իտալացի Դպրոցականներուն Հայաստանի Քարերով Պատրաստուած Ճատրակ Նուիրած է

Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Կարապետեան Հոկտեմբեր 19ին այցելեց Լացիոյ նահանգի Չիւիդաւեգգիա քաղաք, որ կը հանդիսանայ Իտալիոյ կարեւորագոյն ծովային նաւահանգիստներէն մէկը: Այս մասին կը յայտնէ “Հայերն Այսօր”ը։

Այցի ծիրէն ներս ՀՀ դեսպանը այցելեց քաղաքին մէջ գտնուող եւ նահանգի միակ “ԵՈՒՆԻՍԵՖի դեսպան” տիտղոսը կրող Անթօնիօ տէ Գուրդիսի անուան միջնակարգ դպրոց: Յատկանշական է, որ ընթացիկ տարին Չիւիդաւեգգիայի դպրոցի “Քոյր դպրոց” յայտարարուած էր Երեւանի Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատունը:

Հանդիպման ընթացքին աշակերտները ներկայացուցին երաժշտական ծրագիր, որմէ ետք Եւրոխորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, քաղաքապետ Ալեսսանտրօ Պադդիլոգիօ ներկայացուց անցնող ամրան Երեւան այցելութեան տեսանիւթը:

Դեսպանը դպրոցի սաներուն փոխանցեց իրենց Երեւանի ընկերներուն ողջոյնները եւ խոստացաւ՝ բարեկամութիւնը սերտացնելու նպատակով՝ փոխայցելութիւններ կազմակերպել` յատուկ շեշտելով մանկական հասակին հաստատուած ընկերութեան ամրութիւնն ու առաւելութիւնը, որ կը պահպանուի ողջ կեանքի ընթացքին: Դեսպանը դպրոցականներուն տեղեկացուց, որ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ՝ իբրեւ ուսումնական ծրագիր՝ ընդգրկուած է ճատրակը, որ աշխարհի ամենահին եւ իմաստուն խաղերէն մէկն է, եւ ատիկա հաշուի առնելով` Ռուբէն Կարապետեան դպրոցին նուիրեց Հայաստանի քարերով պատրաստուած ճատրակ:

Այնուհետեւ դեսպանը այցելեց Լացիօ նահանգի Դոլֆա քաղաք, ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Լուիճի Լանտիի հետ: Հանդիպման ընթացքին երկուստէք կարեւոր համարուեցաւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան զարգացումը` զայն դիտարկելով երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ խորացման հիմք:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+