Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

10 Ağustos 2015  

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը -

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան արարողակարգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքի շրջափակին մէջ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքական եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն հրաւէրով:

Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հռոմի Ս. Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, հայ եւ օտարազգի բարձրաստիճան հոգեւորականներ, առաջնորդներ, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վարչական հայրեր, միաբան հայրեր, համայնքային ներկայացուցիչներ, պետական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Գահակալութեան խորհրդաւոր արարողութիւնը սկսաւ «Խնդա եւ զուարճացիր եկեղեցի. կոյս սուրբ եւ հարսն երկնաւոր փեսային. ահա տեսանեմք զօծեալն ըզՔրիստոս, գոլով առ լոյսն հեթանոսաց» շարականով: Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց դասին, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց: Յընթացս արարողութեան Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց դասին անդամները նորընտիր հայրապետին գլխուն վրայ քօղ մը իջեցուցին առջեւէն մինչեւ ճակատը եւ թիկունքէն մինչեւ ուսանոցը: Ապա նոր հայրապետին յանձնուեցաւ պատրիարքական գաւազանը: Գահակալութեան արարողութեան աւարտին` քօղը վերցուեցաւ հայրապետին վրայէն: Ճիշդ նոյն պահուն ղօղանջեցին Զմմառու վանքին զանգերը` աւետելու գահակալութեան բարի լուրը, իսկ հաւատացեալներու ծափողջոյնները միացան այս հոգեպարար ու պատմական պահին: Այնուհետեւ Ս. պատարագի մատուցումը շարունակուեցաւ մինչեւ աւարտ:

Յընթացս Ս. պատարագին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքը հայերէնով, արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով իր քարոզը տուաւ:Ան ըսաւ. «Այս ծանրակշիռ պարտականութիւնը, որ վստահուեցաւ ինծի, ո՛չ գիտութեանս, ո՛չ փորձառութեանս վստահելով ուզեցի կրել, այլ մտաբերելով այն ճշմարտութիւնը, թէ Աստուած տկարները կ՛ընտրէ իր ծրագիրները իրագործելու համար:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ, թէ եկեղեցին անհատներու կոյտ չէ, այլ կենդանի մարմին, ապրող, գործող էակ, որուն մէջ իւրաքանչիւրը իր տեղն ու դերը ունի, եւ բոլորը շաղկապուելով կը կազմեն ամրակուռ կառոյց մը:

Ան ի սրտէ հրաւէր ուղղեց բոլոր կենսունակ տարրերուն, համայնքի յանձնառու անդամներուն, թէ բոլորն ալ մասնակից ու պատասխանատու են Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցւոյ յարատեւ աճումին:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց նուիրապետական երկու աթոռներուն` յանձինս Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետներուն, որոնք իր ընտրութեան առաջին իսկ օրէն եղբայրական սիրով իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին: Ան ըսաւ, թէ «այժմ փոխադարձաբար բարի կամքով կը փափաքինք սերտացնել համագործակցութեան զօթերը, որպէսզի հոգեւոր առաքելութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնենք»: Ան նոյն ցանկութիւնը յայտնեց նաեւ հայրենի իշխանութիւններուն, որոնք իրենց խնդակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին: Ան համոզում յայտնեց, որ միացեալ ճիգերով կարելի կ՛ըլլայ հայրենիքին բագաւաճումը ապահովել: Իր խօսքի աւարտին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը խնդրեց, որ Աստուած իր գութն ու ողորմութիւնը տարածէ Հայաստան աշխարհի, տառապեալ քրիստոնեաներուն եւ համայն ժողովուրդին վրայ, եւ որ խաղաղութիւնը մուտք գործէ Միջին Արեւելք, որ քրիստոնէութիւնը իր արմատներէն չհեռանայ եւ չտարածուի ամէն կողմ:

Սրբազան երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ` դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:

Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին ուղերձը եւ օրհնութեան գիրը Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին գահակալութեան առիթով:

Իր ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը իր մեծ ուրախութիւնը կը յայտնէ եւ կը զօրակցի բոլոր հաւատացեալներուն եւ անոնց կը փոխանցէ իր եղբայրական օրհնութիւնն ու ջերմ սէրը:

Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձած էր նաեւ Միջին Արեւելքի ծանր ու դժուար պայմաններուն, որոնց ազդեցութենէն մեծապէս կը տուժեն քրիստոնեաները եւ հայ հաւատացեալները:

Սրբազան քահանայապետը իր վստահութիւնը յայտնած էր, որ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը սուրբ հոգիին ու սիւնհոդոսական հայրերու օգնութեամբ պիտի ըլլայ բարի հովիւը իր ժողովուրդին:

Պատարագի աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողկոս Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ողջոյնը եւ շնորհաւորական ուղերձը կարդաց Նաթան եպս. Յովհաննիսեան: Ան ըսաւ, թէ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը աղօթքով ու գոհունակութեամբ Մայր աթոռ Ա. Էջմիածինէն իր ուրախութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնէ նորընտիր պատրիարքին ընտրութեան առիթով եւ կը մաղթէ, որ Տէրը պահէ ու պահպանէ նորընտիր պատրիարքը եւ իր հօտը: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր շնորհաւորանքները ուղղեց նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքի ամբողջ հոգեւորական դասին, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը վստահեցաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: «Մեր աղօթքն է առ Աստուած, որ Տէրը զօրացնէ ձեզ ձեր առաքելութեան մէջ. պատմական այս պահուն կ՛աղօթենք, որ անսասան ու անվրդով պահէ հայ ազգը, եկեղեցին հայկական եւ Հայաստան երկիրը` հասցնելով զայն խաղաղ ու ապահով նաւահանգիստ», յայտնած է Գարեգին Ա. կաթողիկոս:

Նաթան եպս. Յովհաննիսեան իր ելոյթի աւարտին Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նուիրեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսի յուշանուէրը գահակալութեան արարողութեան առիթով:

Խօսք առաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Վեհափառ հայրապետը շնորհաւորեց Հայ կաթողիկէ համայնքը եւ հոգեւորական դասը նոր պատրիարքի ընտրութեան առիթով: Վեհափառ հայրապետը, նկատի առնելով Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած պայմանները, կարեւոր նկատեց գործակցութիւնը հայ երեք համայնքներուն միջեւ: Մեծ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր պատրիարքին` հովուական ծառայութեան կեանքին մէջ: Ապա աւարտին, իբրեւ սիրոյ եւ եղբայրութեան արտայայտութիւն, լանջախաչ մը նուիրեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին :

Գահակալութեան արարողութեան եւ պատարագի աւարտին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը տեղւոյն վրայ ընդունեց բարձրաստիճան հիւրերուն ու հոգեւորականներուն շնորհաւորանքները:

Aztag





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+