Կարօ Փայլան «Խելքը Գլուխը Բերել»ու Կոչ Կ՛ընէ Կառավարութեան - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

12 Ağustos 2015  

Կարօ Փայլան «Խելքը Գլուխը Բերել»ու Կոչ Կ՛ընէ Կառավարութեան -

Կարօ Փայլան «Խելքը Գլուխը Բերել»ու Կոչ Կ՛ընէ Կառավարութեան Կարօ Փայլան «Խելքը Գլուխը Բերել»ու Կոչ Կ՛ընէ Կառավարութեան

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուշագրաւ է, որ ահաբեկչական յարձակումներու մագլցումի այս շրջանին, ոստիկանատուները եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան վարչական կեդրոնները իբր թիրախ ընտրուած են անյայտ նախայարձակներու կողմէ։ Կուսակցութիւնը, ընտրութեանց մէջ իր արձանագրած յաջողութենէն ետք, յանկարծ դարձաւ շատ լայն շրջանակներու աչքի փուշը։ Ինչպէս գիտենք, պետութեան ներկայացուցիչները կամ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ ազգայնապաշտներ, քրտամէտ կուսակցութիւնը կը մեղադրեն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը պաշտպանելու յանցանքով։

Օրինակ, Պոլսոյ Սուլթանպէյլիի ոստիկանատան վրայ յարձակումէն ետք, յարձակումներու թիրախ դարձաւ քրտամէտ կուսակցութիւնը, որուն Սուլթանպէյլիի վարչական կեդրոնը գիշերուան ժամերուն ցուցարարներու կողմէ քարկոծուեցաւ։ Ցուցարարները շէնք մտան ու քանդեցին ժողովասրահը։
Այս վերջին յարձակումէն ետք այս մասին յայտարարութիւն մը ըրաւ քրտամէտ կուսակցութեան Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ ըսաւ. «Դժբախտաբար դարձեալ մտած ենք բռնարարքներու անելին մէջ։ Մենք լայնածաւալ աշխատանք կը տանինք այս անելէն դուրս գալու համար։ Ժամ առաջ մարդիկ իրենց ձեռքը ետ պէտք է քաշեն զէնքերէն։ Ատենօք տեսանք, թէ ժողովրդավարական սկզբունքները որքա՛ն լաւ արդիւնք կու տան։ Մօտաւորապէս երեք տարիէ ի վեր, Թուրքիոյ մէջ մարդիկ գրեթէ գարնան մթնոլորտ մը կ՛ապրէին։ Մենք կ՛ուզէինք, որ գարնան այս մթնոլորտը շարունակուի։ Բայց, դժբախտաբար, պետութեան գլուխը գտնուողները մտածեցին, որ հաշտութեան այս մթնոլորտը իրենց ի շահ չէ, անիկա չի կրնար ապահովել անոնց «փատիշահ» ըլլալու ակնկալութիւնը. այս պատճառով ալ, ահաւասիկ կրկին ինկանք բռնարարքներու անելին մէջ։

Ասիկա պատճառ է նաեւ, որ հաւաքականութեան զանազան խմբաւորումներ դէմ դիմաց գան։ Ոստիկանատան մը մէջ պայթած ռումբի մը հետեւանքով, խուժան մը կրնայ գալ ու յարձակիլ մեր կեդրոններուն վրայ։ Եթէ այսպէս շարունակուի, այս կրակը ամէն կողմ հրդեհ պիտի ստեղծէ։ Անոր համար ալ, պայման է որ ժամանակաւոր կառավարութիւնն ու հանրապետութեան նախագահը իրենց խելքը գլուխը բերեն»։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+