Արմէն Ճամբար ին Համար Պայքարողները Վճռակամ Են - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

15 Ağustos 2015  

Արմէն Ճամբար ին Համար Պայքարողները Վճռակամ Են -

Արմէն Ճամբար  ին Համար Պայքարողները Վճռակամ Են Արմէն Ճամբար ին Համար Պայքարողները Վճռակամ Են

Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական «Արմէն ճամբար» որբանոցի վերադարձին համար պայքարող խումբ մը երիտասարդներ արդէն 100 օր է կիսաքանդ ճամբարին մէջ՝ «Քեմփ Արմէնի համար դիմադրութիւն» կարգախօսով, շուրջօրեայ հերթապահութիւն կը կատարեն իբրեւ բողոք։ Այս մասին կը գրէ Աստղիկ Իգիթեան

Նախօրէին գիշերը ժամը 23:30ի շուրջ անյայտ անձեր մահակներով յարձակած էին ճամբարի տարածքին մէջ ցոյց կատարող երիտասարդներուն վրայ եւ զանոնք ծեծած:

«Էրմենիհապեր»ը այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար կապ հաստատած է շարժումին մասնակից երիտասարդներուն հետ։

«Քեմփ Արմէնի համար դիմադրութեան» մասնակիցներէն Արեւ Միրաքեան յայտնած է, որ 2 ինքնաշարժով 8 անյայտ անձեր, նախօրէին մտնելով Թուզլա, անցորդներուն հարցուցած են, թէ ուր կը գտնուի «Քեմփ Արմէնը», ապա գալով ճամբարին մօտ, դուրս ելած են ինքնաշարժներէն եւ մահակներով ծեծի ենթարկած այնտեղ հերթապահութիւն կատարող 2 երիտասարդներ։

Միրաքեան նշած է, որ առաջին անգամն ըլլալով չէ, որ ճամբարին համար պայքարողներուն վրայ յարձակում կը կատարուի։

«Նմանատիպ միջադէպեր նախապէս ալ եղած են: Օրինակ՝ 2-3 օր առաջ 2 հոգի եկան ճամբար, քարեր նետեցին ճամբարին վրայ ու փախուստ տուին: Անգամ մըն ալ պատռած էին ճամբարի մուտքին փակցուած հայերէնով պաստառը, տեղը Թուրքիոյ դրօշակը կախած ու հեռացած էին», յայտնած է ան։

Պատասխանելով «Էրմենիհապեր»ի այն հարցումին, թէ ճամբարի դիմադրութեան մասնակիցները գիտե՞ն արդեօք, թէ որո՞նք են նման ցեղապաշտական յարձակումներուն հեղինակները՝ Արեւ նշած է, որ իրենք յստակ տեղեկութիւն չունին, ամենայն հաւանականութեամբ ասիկա ազգայնական խումբերուն գործն է։

Միրաքեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այս դէպքին համար իրենք դիմած են ոստիկանութեան։ Կը պատրաստուին նաեւ այլ իրաւական քայլերու դիմել։ Միրաքեան հաստատած է, որ նմանատիպ միջադէպերը չեն կրնար ընկճել իրենց դիմադրութեան ոգին, եւ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ ճամբարը վերադարձնելու համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+