Տաւութօղլու Դարձեալ Խօսած Է Թուրք-Ազրպէյճանական Եղբայրութեան Մասին - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

01 Eylül 2015  

Տաւութօղլու Դարձեալ Խօսած Է Թուրք-Ազրպէյճանական Եղբայրութեան Մասին -

Տաւութօղլու Դարձեալ Խօսած Է Թուրք-Ազրպէյճանական Եղբայրութեան Մասին Տաւութօղլու Դարձեալ Խօսած Է Թուրք-Ազրպէյճանական Եղբայրութեան Մասին

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու դարձեալ թուրք-ազրպէյճանական «յաւերժ» եղբայրութեան մասին յայտարարութիւն կատարած է:

Տաւութօղլու 30 օգոստոսին Թուրքիոյ մէջ նշուող «Յաղթանակի օր»-ուան առիթով նախագահական պալատին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Այնքան ատեն, որ Թուրքիան Ազրպէյճանի կողքին է, այդ երկրին սահմաններուն մէջ խնդիրներ չեն կրնար ըլլալ»:

«Ողջոյն սիրելի Ազրպէյճանին: Մենք եւ Ազրպէյճանը նոյնն ենք: 30 օգոստոսի տօնը նաեւ Ազրպէյճանի տօնն է: Այնքան ատեն, որ Թուրքիան այստեղ է, Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ որեւէ խնդիր չի կրնար ըլլալ: Ազրպէյճանի տօնն ալ մեր տօնն է», ըսած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+