Տարբեր Քաղաքներու Մէջ Թուրք-Քիւրտ Բախումներ. Քիւրտերը Կը Հեռանան Անգարայէն - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

10 Eylül 2015  

Տարբեր Քաղաքներու Մէջ Թուրք-Քիւրտ Բախումներ. Քիւրտերը Կը Հեռանան Անգարայէն -

Տարբեր Քաղաքներու Մէջ Թուրք-Քիւրտ Բախումներ. Քիւրտերը Կը Հեռանան Անգարայէն Տարբեր Քաղաքներու Մէջ Թուրք-Քիւրտ Բախումներ. Քիւրտերը Կը Հեռանան Անգարայէն

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ թրքական զինեալ ուժերու միջեւ զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն կողմէ իրագործուող քարոզչութիւնը յանգեցուցած են Թուրքիոյ մէջ հակաքրտական շարժումի յառաջացման:

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը հաղորդած է, որ Կորճայքի Տաղլըճա շրջանին մէջ 16 թուրք զինուորներու սպանութեան հարցով Այնթապի մէջ երեքշաբթի օր իշխանութիւններուն կողմէ հրահրուած հակաքրտական բողոքի գործողութիւնը վերածուած է քիւրտերու հետ բախումի:

Այնթապի մէջ թուրք ազգայնականներու ցոյցին զուգահեռ քաղաքի միւս մասին մէջ տեղի ունեցած է քիւրտերու հաւաք, որմէ ետք երկու հակադիր խմբաւորումները շարժած են իրարու դէմ: Ոստիկանութիւնը քիւրտերուն հաւաքը նկատելով անօրինական, փորձած է կասեցնել զայն: Տեղի ունեցած բախումին ժամանակ ոստիկան մը ոտքէն վիրաւորուած է` անյայտ անձի մը կողմէ արձակուած փամփուշտէ:

Հակառակ ատոր` անխուսափելի եղած է թուրք ազգայնականներու եւ ՔԱԿ¬ի համակիր քիւրտերու միջեւ բախումը, որուն ընթացքին մահակներով եւ այլ իրերով ծեծկռտուքի ժամանակ բազմաթիւ մարդիկ վիրաւորուած են: Ոստիկանները յաջողած են հակամարտ կողմերը ցրուել` անոնց դէմ օգտագործելով արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ:

Թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ մեծ զինեալ բախում տեղի ունեցած է նաեւ Անգարայի մէջ` քիւրտերով բնակուած Պէյփազարի Զաֆեր թաղամասին մէջ, ուր կրակոցներ լսուած են: Ընկերային ցանցերը հաղորդած են, որ այդ բախումներուն ընթացքին մեծ թիւով վիրաւորներ եղած են, սակայն այս մասին իշխանութիւնները ոչինչ կը հաղորդեն:

Երէկ Պէյփազարէն գիւղատնտեսական աշխատանքներով զբաղող մեծ թիւով քիւրտեր հեռացած են:

«Գորշ գայլեր»¬ու խորհրդանիշերով հարիւրաւոր թուրքեր յարձակած են ՔԱԿ¬ի դէմ զինուորական գործողութիւններուն դէմ բողոքող քիւրտերու դէմ: Փոխադարձ յարձակումներու ընթացքին Պէյփազարի փողոցներուն մէջ կանգնած բազմաթիւ ինքնաշարժներ հրկիզուած են: Հակառակ ոստիկանութեան միջամտութիւններուն, բախումները շարունակուած են ամբողջ գիշեր:

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պէյփազարի բաժանմունքի ղեկավար Ապտօ Էօներ լրագրողներուն յայտնած է, որ անվտանգութեան նկատառումներով քիւրտերը զանգուածաբար կը հեռանան Անգարայէն: «Անգարայի մէջ քիւրտերը իրենք զիրենք վտանգուած կը նկատեն եւ զանգուածաբար կը լքեն քաղաքը: Առաջինը հիմնականին մէջ կը հեռանան ամառնային եղանակի աշխատանքի համար շրջաններէն Անգարա եկած քիւրտերը, կը հեռանան նաեւ այստեղ 50 տարիէ ի վեր բնակած քիւրտերը: Անգարայէն արդէն շուրջ 600-700 ընտանիքներ հեռացած են», յայտնած է Էօներ` նշելով, որ անվտանգութեան նկատառումներով ինք իր ընտանիքը տեղափոխած է Փոլաթլու:

«Պի.Պի.Սի. Թուրք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին քիւրտ աշխատաւոր Ռեճեփ Քայա յայտնած է, որ ընտանիքով կը մեկնի Մարտին: «Մենք կը լքենք Անգարան եւ այլեւս ետ պիտի չգանք, որովհետեւ այստեղ չեն ուզեր տեսնել քիւրտերը», ըսած է ան:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պէյփազարի բաժանմունքի ղեկավար Մեհմեթ Եայըն ըսած է. «Քիւրտերուն մօտ խուճապային տրամադրութիւն կայ: Հեռանալ-չհեռանալու մասին մեզի կը հարցնեն նաեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ քիւրտերը: Անգարայէն բոլոր քիւրտերուն հեռանալը անկարելի է: Այստեղ 50 տարիէ ի վեր բնակող քիւրտ ընտանիքներ կան: Անոնք տուներ գնած են, երեխաները այստեղ կ՛ուսանին»:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» հաղորդեց, որ Թուրքիան անվտանգ


ութեան նկատառումներով փակած է Իրանի հետ սահմանը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+