«Անհրաժեշտ Է Որ Կրօններ Ու Պետութիւններ Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան Գաղթականներու Հարցին». Արամ Ա. Կաթողիկոս - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

11 Eylül 2015  

«Անհրաժեշտ Է Որ Կրօններ Ու Պետութիւններ Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան Գաղթականներու Հարցին». Արամ Ա. Կաթողիկոս -

«Անհրաժեշտ Է Որ Կրօններ Ու Պետութիւններ Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան Գաղթականներու Հարցին». Արամ Ա. Կաթողիկոս «Անհրաժեշտ Է Որ Կրօններ Ու Պետութիւններ Աւելի Լրջութեամբ Մօտենան Գաղթականներու Հարցին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ընդունելով Պէյրութի մէջ գումարուող և գաղթականներու նուիրուած միջ-եկեղեցական համագումարի ներկայացուցիչները, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց գաղթականներու հարցին առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ։

Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին և Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին համագործակցութեամբ։ Համագումարի օրակարգին մաս կը կազմեն գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան առնչուած հարցեր։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ 50 հոգիներ, ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը։

Անդրադառնալով յատկապէս Եւրոպայի դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ գաղթականներու հարցերու գծով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Գաղթականութեան հարցը նոր երեւոյթ մը չէ։ Պատմութեան ընթացքին տնտեսական, քաղաքական ու ապահովական պատճառներու հետեւանքով, մարդիկ հեռացած են իրենց բնակած երկիրներէն ու հաստատուած մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու մէջ։ Հայ ժողովուրդը իր դառն փորձառութեամբ կը զգայ գաղթականներուն ապրած հոգեվիճակը։ Չմոռնանք, որ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան հետեւանքով, հայ ժողովուրդը եղաւ գաղթական, անոր պարտադրուեցաւ հեռանալ իր դարաւոր հայրենիքէն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն։ Չմոռնանք նաեւ, որ արաբ ժողովուրդը՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ, ընդունեց մեզ իր հայրենիքէն ներս։ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն պատճառով, դէպի արեւմտեան երկիրներ արտագաղթը նոր թափ է ստացած վերջերս։ Ինչ կը վերաբերի քրիստոնեայ համայնքներու պատասխանատուներուն կեցուածքին, մեր բոլորին կեցուածքը կը մնայ նոյնը՝ հետեւողական ճիգ պէտք է թափել քրիստոնեայ համայնքները պահելու Միջին Արեւելքէն ներս՝ հակառակ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն։ Սակայն, ստիպողական պարագաներուն, արեւմտեան երկիրները իրենց կրօնական ու պետական պատասխանատուներուն ճամբով պէտք է օգտակար հանդիսանան գաղթականներուն»։

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իր պատկերացումը փոխանցեց միջ-եկեղեցական շարժումին ունեցած օրակարգին առաջնահերթ հարցերուն գծով։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+