Կենա՛ցդ, Քեսապ - Հայերէն
01 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արեգ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

16 Eylül 2015  

Կենա՛ցդ, Քեսապ -

Կենա՛ցդ, Քեսապ Կենա՛ցդ, Քեսապ

16 տարի Հայաստանի՝ հայրենիքի մէջ ապրելէն ետք, իսկ վերջերս ալ շուրջ 3 ամիս Արցախի մէջ մնայուն կերպով «ապրելէն» ետք, շատ կարեւոր բանի մը անդրադարձայ. գիտակցեցայ, թէ ինչպէ՛ս եւ ուրկէ՛ մենք՝ սուրիահայերս, սնած ենք հայրենիքի սիրով:

Թէ ինչպէ՛ս 16 տարի առաջ, առաջին այցէն իսկ, Հայաստանի օդը, ջուրն ու բնութիւնը այդքան հարազատ ընդունած ենք, շնչած ու ներշնչուած:

Բնա՛ւ զարմանալի չէ, որ այս զգացողութեան գիտակցումս տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ. անոնք այնքա՜ն նման են… միայն ծովն է պակաս:

Արցախի մէջ երկիրը կը հպի երկինքին. եթէ քիչ մըն ալ ոտքի մատներուդ վրայ կանգնիս ու քիչ մըն ալ թեւդ երկարես, ցերեկը կը հպիս ամպերուն, իսկ գիշերը՝ աստղերուն: Ոեւէ սուրիահայ կամ սփիւռքահայ, եթէ Սովետի փլուզումէն առաջ Հայաստան հայրենիք դրախտը իր աչքերով դեռ չէր տեսած, բայց Քեսապ գացած էր, շատ լաւ պիտի հասկնայ այս զգացողութիւնս… Ամէն ամառ մենք Քեսապ կը բարձրանայինք, կը կանգնէինք Սնտրան լերան գագաթին ու կը զմայլէինք հեռուն, հորիզոնին, մշուշներուն մէջ թափանցող Կիլիկիոյ լեռնաշղթայով:

Այս զգացողութիւնը մեզ մտովին կը տեղափոխէր հայրենիք՝ Հայաստան եւ Արցախ:

Այո՛, նաեւ Քեսապէն-Քեսապի մէջ մենք սորվեցանք, գիտակցեցանք ու ըմբռնեցինք մեր հայրենիքի պատկանելիութիւնն ու կապը:

Քեսապը, Սովետի տարիներուն, սուրիահայերուն համար Հայաստան էր, եւ դէպի Քեսապ ճանապարհորդուիլը մեզի համար դարձած էր Հայաստան ճամբորդելու նման բան մը: Քեսապ արշաւի կ՛երթայինք, ցերեկ ու գիշեր հայրենասիրական եւ ազգագրական երգեր երգելով՝ մեր ձայնը կը բարձրանար Քեսապի փողոցներուն, արտերուն եւ սարերուն մէջ:

Քեսապի մէջ կը համտեսէինք աշխարհի ամենահամով խնձորը, իսկ ան, ով չէ համտեսած ու չի գիտեր Քեսապի հռչակաւոր կանաչ խնձորի համն ու հոտը, կեանքէն շատ բան կորսնցուցած է:

Քեսապի Գարատուրան քարքարոտ բայց մաքրամաքուր ծովափը կը մկրտուէինք ամէն ամառ, ու բիւրեղ հոգիներով կը վերադառնայինք Հալէպ, Դամասկոս, Հոմս, Գամիշլի… տուն:

Քեսապի օդը, ջուրը եւ հողը սնեց մեզ մեծ սիրով, պատկանելիութեան զգացումներով ու գիտակցութեամբ։

Այսօր ես Հայաստանի, Արցախի՝ հայրենիքի մէջ, իմ օդս կը շնչեմ, ջուրս կը խմեմ, հողին վրայ ուժեղ կը կանգնիմ, կ՛արարեմ ու կ՛ապրիմ։

Է՜հ Աստուած… Արցախէն, Հայաստանէն… Կենա՛ցդ, ՔԵՍԱՊ, կա՛ս, կ՛ըլլաս ու դեռ մենք պիտի օծուինք ջուրերուդ մէջ:

ՎՐԷԺ ՔԱՍՈՒՆԻ






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+