22 Eylül 2015
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Թուրքիոյ կուսակցութիւնները հրապարակած են իրենց կողմէ յառաջադրուելիք ընտրական ցուցակները:
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն ու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը դարձեալ առաջադրած են 7 յուլիսի ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրուած իրենց հայ թեկնածուները:
Իշխող կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուն է պոլսահայ լրագրող, գրող Մարգար Եսայեան, որ ժամանակին վարած է նաեւ «Թարաֆ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը առաջադրած է պոլսահայ իրաւաբան Սելինա Օզուզուն Տողանի` Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ առաջին կին անդամին թեկնածութիւնը: Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը առաջադրած է թեկնածութիւնը Կարապետ (Կարօ) Փայլանի, որ Պոլսոյ Եշիլքէօյ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական դպրոցի տնօրէնն է եւ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ: