Մերքել Եւ Տաւութօղլու Քննարկած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը - Հայերէն
09 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ձոպաբեր / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

20 Ekim 2015  

Մերքել Եւ Տաւութօղլու Քննարկած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը -

Մերքել Եւ Տաւութօղլու Քննարկած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Մերքել Եւ Տաւութօղլու Քննարկած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Պոլսոյ մէջ իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան հարցին:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Տաւութօղլու յայտնած է, որ իրենց հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է «1915 թուականին առնչուող նիւթերուն եւ ատոր վերաբերեալ Գերմանիոյ Պունտեսթակին (խորհրդարան) մէջ քննարկման դրուած նախագիծին»: «Ես ըսած եմ, որ այս նիւթերը իրականութեան մէջ պէտք է ակադեմականօրէն քննարկուին յատուկ յանձնախումբի մը մէջ, ուր պէտք է ըլլան նաեւ գերմանացի պատմաբաններ», ըսած է Տաւութօղլու:

Ան անգամ մը եւս ներկայացնելով խնդիրին առնչութեամբ թրքական` պատմութիւնը խեղաթիւրող տեսակէտը` նշած է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն գերմանական եւ թրքական կողմերը միեւնոյն կողմը եղած են, հետեւաբար երկուքն ալ պէտք է ներկայացուած ըլլան պատմական յանձնախումբին մէջ: «Մենք կ՛ուզենք պատմական հաշտութիւն հաստատել հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ, եւ մենք պատրաստ ենք որեւէ համագործակցութեան», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:

Մերքել իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է հաշտեցման հարցին մէջ թրքական կողմին հետ աշխատելու առաջարկին առնչութեամբ` նշելով. «Կը կարծեմ, որ մենք կրնանք եւ աշխուժօրէն պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+