Հայերէն Առաջին Աստուածաշունչի 350 եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակները Ընդգրկուած են UNESCO-¬ի Օրացոյցին Մէջ - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

25 Kasım 2015  

Հայերէն Առաջին Աստուածաշունչի 350 եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակները Ընդգրկուած են UNESCO-¬ի Օրացոյցին Մէջ -

Հայերէն Առաջին Աստուածաշունչի 350 եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակները Ընդգրկուած են UNESCO-¬ի Օրացոյցին Մէջ Հայերէն Առաջին Աստուածաշունչի 350 եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակները Ընդգրկուած են UNESCO-¬ի Օրացոյցին Մէջ

Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350-­ամեակը եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817­ 1900թթ.) ծննդեան 200-­ամեակը ընդգրկուած են Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու UNESCO-­ի 2016­.20.17թթ. օրացոյցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։

Որոշումը կայացուած է Փարիզի մէջ` UNESCO-­ի կեդրոնակայանին մէջ, Նոյեմբեր 4-­18 տեղի ունեցած Գլխաւոր խորհրդաժողովի 38­րդ նստաշրջանի ընթացքին: Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350-­ամեակ»-ը յայտը ստաց է Ֆրանսայի Հանրապետութեան եւ Նիտըրլանտներու Թագաւորութեան աջակցութիւնը, իսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ համատեղ ներկայացուած «Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817­1900թթ.) ծննդեան 200­ամեակ»ը յայտը` Իտալիոյ Հանրապետութեան աջակցութիւնը: Այսպիսով, 1998 թուականէն առ այսօր Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու UNESCO-­ի օրացոյցին մէջ ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն ներկայացուած 21 յոբելինական տարեթիւ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+