Ամերիկացի Ծերակուտականը Դատապարտած Է Ազրպէյճանի Նախայարձակումը Հայ Ժողովուրդին Դէմ - Հայերէն
30 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

17 Aralık 2015  

Ամերիկացի Ծերակուտականը Դատապարտած Է Ազրպէյճանի Նախայարձակումը Հայ Ժողովուրդին Դէմ -

Ամերիկացի Ծերակուտականը Դատապարտած Է Ազրպէյճանի Նախայարձակումը Հայ Ժողովուրդին Դէմ Ամերիկացի Ծերակուտականը Դատապարտած Է Ազրպէյճանի Նախայարձակումը Հայ Ժողովուրդին Դէմ

Միացեալ Նահանգներու Իլինոյս նահանգի հանրապետական ծերակուտական Մարք Քըրք ջերմօրէն ողջունած է ամերիկահայերը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ տարեկան տօնակատարութեան, ուր յաճախ ընդգծուած է խաղաղութեան ու ազատութեան ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի յանձնառութիւնը:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: «Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան հարցով Լեռնային Ղարաբաղի ունեցած յանձնառութիւնը նշելու աւելի լաւ վայր չկայ, քան Ծերակոյտը, ինչպէս Ստեփանակերտը` անկախութեան եւ ինքնորոշման խորհրդանիշ», իր ուղերձին մէջ ըսած է Քըրք:

Ան դատապարտած է Ազրպէյճանի ուժգնացող նախայարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ` նշելով. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը այս պահուն չի զգար այն նոյն խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ղարաբաղի հայերը ամէնօրեայ պայքար կը մղեն իրենց անձին պաշտպանութեան համար` ընդդէմ դրացի Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն»:

Քըրք ողջունած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի եւ դեմոկրատական գործիչ Էլիոթ Էնկելի առաջարկներու ծրագիրը` ուղղուած հայ-ազպէյճանական սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան պահպանման: Ան ընդգծած է, որ Հայաստանն ու Արցախը իրենց աջակցութիւնը յայտնած են այս առաջարկին, մինչդեռ Ազրպէյճանը` ոչ:

Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականին դիրքորոշումը բարձր գնահատականի արժանացած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանի կողմէ, որ յոյս յայտնած է, որ Մարք Քըրքի հետ աշխատանքները շարունակուին եւ առաջին յարմար առիթին Ռոյս-Էնկել առաջարկները կեանքի կոչուին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+