Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ճամբան Ծառայութեան Ճամբան Է, Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

03 Ocak 2016  

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ճամբան Ծառայութեան Ճամբան Է, Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս -

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ճամբան Ծառայութեան Ճամբան Է, Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ճամբան Ծառայութեան Ճամբան Է, Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սարկաւագութիւնը, որ կը յատկանշուի ծառայութեամբ, եկեղեցւոյ բարձր աստիճաններուն խոնարհագոյնն է: Սարկաւագութեան աւանդութիւնը սկսած է առաքելական շրջանին, երբ քրիստոնէական առաջին համայնքը, հոգատարութեան եւ սպասաւորութեան պաշտօններուն համար, կարիքը կը զգայ ընտրելու եօթը սարկաւագներ: Ահաւասիկ այդ խումբին մէջ էր նաեւ Սուրբ Ստեփանոս, որ նաեւ դարձաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսն ու նահատակը: Շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ին հայ եկեղեցին նշեց խոնարհութեամբ, ծառայութեամբ եւ նահատակութեամբ իր քրիստոնէական հաւատքը իրագործած առաջին վկային` Սուրբ Ստեփանոսի տօնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին աւանդութիւնն է մեծ շուքով տօնել Նախավկային յիշատակը: Այս տարի, առաւել հանդիսաւորութիւն եւ մեր ժողովուրդի զաւակները տօնախմբութեան աւելի հաղորդակից դարձնելու նպատակով, տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2015-ին, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, պատարագիչն էր կաթողիկոսարանի տպարանի տեսուչ Նորայր եպս. Աշըգեան: Քարոզի պահուն սարկաւագները շարուեցան սրբազան խորանին վրայ, որուն սպասաւորութիւնը իրենց ծառայութեան գերագոյն նպատակն է: Պատարագիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Սուրբ Ստեփանոսի նկարագրային գիծերը` բարոյական քաջութիւն, կրօնական նախանձախնդրութիւն, հոգեւոր իրականութիւններու հանդէպ պայծառ եւ յստակ տեսութիւն, հոգեւոր եռանդ ու մանաւանդ` ծառայութեան անսահման հոգի եւ հրաւիրեց սարկաւագները, որ իրենց մէջ կերտեն մեծ սուրբին այս արժէքները:

Պատարագի աւարտին հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր դպրեվանքի սարկաւագներուն անունով Սարգիս սրկ. Աճեմեան ուղերձ կարդաց:

Ապա Արամ Ա. իր հայրապետական պատգամը տուաւ սարկաւագներուն` հաստատելով, որ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը չի սահմանափակուիր միայն սարկաւագներով, այլ տօնը իր մէջ կը ներառէ բոլոր անոնք, որոնք Նախավկային տիպարով, տարբեր հանգամանքներով ու կերպերով ընտրած են ծառայութեան ճամբան եւ կը ծառայեն մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ ծառայութեան մեծութեան մասին եւ ըսաւ. «Պատմութեան մայր էջին վրայ մնացին ու կը յիշուին անոնք, որոնք ծառայած են, եւ ո՛չ թէ` իշխած: Անոնք, որոնք ծառայութեամբ իրենց անձերը ի սպաս դրած են գերագոյն եւ վեհ արժէքներու: «Այսօր Սուրբ Ստեփանոս կը յիշեցնէ մեզի, եթէ կ’ուզենք մեր քրիստոնէական հաւատքը ճշմարտօրէն ապրիլ, պէտք է միայն ծառայենք: Մենք որպէս այս եկեղեցւոյ նուիրեալ անձեր` հոգեւորական թէ աշխարհական, բարերարներ թէ բարեկամներ, մեր ունեցածէն բան մը պէտք է դնենք մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան գանձանակին մէջ»: Խօսելով ծառայութեան վեհանձնութեան եւ իսկական արժէքին մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց. «Ծառայութիւնը արժէք է, երբ լուսարձակներէ հեռու, նուիրումի, անձնուրացութեան եւ ամբողջական յանձնառութեան ճամբով կ’երթայ ուրիշին` մեր նմանին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին եւ մեր հայրենիքին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս մենք այս ոգիով, գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ ու տեսիլքով կը կազմաւորենք մեր ժառանգաւորները եւ սարկաւագները, ինչպէս նաեւ` միաբանները, որպէսզի ծառայական այս ոգին իրենց կեանքի օրինակով տանին մեր ժողովուրդին»:

Հանդիսութեան աւարտին սարկաւագաց դասն ու ներկայ ժողովուրդը ստացան հայրապետական օրհնութիւն: Ապա երգուեցան «Կիլիկիա»-ն եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+