Տինքի Գործին Հետեւող Դատախազը Հեռացուած Է - Հայերէն
15 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Արամազդ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

12 Ocak 2016  

Տինքի Գործին Հետեւող Դատախազը Հեռացուած Է -

Տինքի Գործին Հետեւող Դատախազը Հեռացուած Է Տինքի Գործին Հետեւող Դատախազը Հեռացուած Է

Տինքի սպանութեան գործին մէջ պաշտօնատար անձերու դէմ մեղադրական գործ կազմած Կէոօքալփ Քէոքչիւն, որ դեռ կը շարունակէ ղեկավարել Տինքի սպանութեան մէջ յանցաւոր կազմակերպութեան դատական գործը, ստիպուած է Տինքի գործով հետաքննութիւնը ուրիշ դատախազի յանձնելու:

Ըստ «Ակօս»-ի՝ «Ալ-Ճազիրա թուրք»-ի տարածած տեղեկութեան համաձայն` Սթամապուլի գլխաւոր դատախազ Հատի Սալիհօղլուն տուած է 2016 թուականի աշխատանքի բաժանման եւ գործառնական հրահանգները: Սալիհօղլուն արդարադատութեան համակարգին մէջ պաշտօն իրականացնողներուն մէջ նշանակալի փոփոխութիւններ իրականացուցած է:

Ըստ տեղեկութեան` աշխատանքի բաժանման հրահանգով կը նախատեսուի նաեւ պաշտօնի փոփոխութիւններ իրականացնել Տինքի սպանութեան գործին մէջ պատկան մարմիններու դէմ մեղադրական գործ ներկայացուցած դատախազ Կէոքալփ Քէոքչիւի աշխատանքին:

Տինքի սպանութեան տարածքին մէջ գտնուած ոստիկանութեան հետախոյզներու հետաքննութիւնը իրականացնող դատախազ Քէոքչիւն այսուհետեւ իր պարտանակութիւնները պիտի իրականացնէ Ընդհանուր հետաքննութեան նախապատրաստական բիւրոյին մէջ: Քէոքչիւն այլեւս պիտի չկարենայ հետեւիլ ահաբեկչութեան առնչուող հետաքննութիւններուն: Տինքի դատավարութիւնը, որուն կը հետեւէր Քէոքչիւն, պիտի փոխանցուի ուրիշ դատախազի մը:

Ահաբեկչութեան մասով պատասխանատու գլխաւոր դատախազի տեղակալ Օրհան Քափըճըին պիտի փոխարինէ մաքսանենգութեան գրասենեակի պատասխանատու Իրֆան Ֆիտանը:

Դատախազ Քէոքչիւն 2014-ի Դեկտեմբերին Տինքի սպանութեան գործին հետեւելու պարտականութիւնը ստանձնած էր: 26 պաշտօնատար անձերու նկատմամբ մեղադրական դիմում կազմած էր, որ գլխաւոր դատախազութեան կողմէ երկու անգամ ետ վերադարձուած է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+