Երեւանի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բողոքի Ցոյց - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

26 Ocak 2016  

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բողոքի Ցոյց -

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բողոքի Ցոյց Երեւանի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բողոքի Ցոյց

25 յունուարին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան դիմաց` ընդդէմ ԵԽԽՎ-ի մէջ քննարկուելիք «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» եւ «Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէն» հակահայ զեկուցումներուն:

Հայրենասիրական կարգախօսներով պաստառներ պարզած ցուցարարները պահանջագիր փոխանցեցին դեսպանատան աշխատակազմի ներկայացուցիչին` Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով` հրաժարելու իրենց վարած ազրպէյճանամէտ քաղաքականութենէն եւ որոշումներ տալու` հիմնուելով մարդկային ազատութիւններուն վրայ:

Դաշնակցական երիտասարդները իրենց պահանջագիրով նաեւ կոչ ուղղեցին` քուէարկութեան նախօրէին կասեցնելու այդ անպատուաբեր հոլովոյթը եւ եւրոպական կառոյցներուն վերադարձնելու իրենց յարիր հեղինակութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+