Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

30 Ocak 2016  

Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ -

Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 28 յունուար 2016-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին գծով տեղի ունեցած խորհրդակցութեան իբրեւ շարունակութիւն, ուրբաթ, 29 յունուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը` մասնակցութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Հալէպի թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեակ պահեց հոգեւոր առաջնորդները օր մը առաջ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպման քննարկումներուն մասին: Ան ողջունեց սուրիական տագնապի տարիներուն Սուրիոյ հայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին եւ միասին խորհրդակցելու ու աշխատելու յանձնառութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան իրենց նիւթական աջակցութիւնը կատարած բոլոր կազմակերպութիւններուն ու հայորդիներուն: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող նոր ծրագիրներու մշակման անհրաժեշտութիւնը:

Հոգեւոր առաջնորդները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ անցնող տարիներուն ընթացքին միշտ զօրակից դարձած է Սուրիոյ հայութեան` բոլոր շրջաններուն մէջ, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեցին օժանդակ հանդիսացած բոլոր հայորդիներուն: Ապա, անոնք իրենց տեսակէտները պարզեցին վերականգնումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն գծով:

Սուրիոյ հայ հոգեւոր համայնքապետերը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպում ունենալէ ետք հրապարակեցին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

Հաղորդագրութիւն

Այսoր, 29 յունուար 2016, Սուրիոյ հայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերս, Անթիլիասի մայրավանքին մԷջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցանք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Սուրիոյ մԷջ տիրող իրավիճակը, եւ ներկայացուեցաւ սուրիահայութեան տագնապը, որ դժբախտաբար կը շարունակուի նոյն տարողութեամբ: Քննարկման առարկայ եղաւ վերջին հինգ տարիներուն տարուած միասնական աշխատանքը` մեր ժողովուրդին մարդասիրական oժանդակութեան տրամադրումը եւ հոգեւոր ու ազգային իմաստով նեցուկ կանգնիլը:

Սուրիոյ հայ երեք համայնքապետերս վեհափառ հայրապետին յայտնեցինք մեր երախտագիտութիւնը` իր հայրական ցուցմունքներուն, մասնաւորաբար Սուրիահայ շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին ճամբով համահայկական oժանդակութիւններ ապահովելու եւ Անթիլիասի մէջ հաստատուած յատուկ հիմնադրամի ճամբով անցնող տարիներուն մեզի փոխանցուած նիւթական օժանդակութեանց համար: Այս առիթով, մեր գնահատանքը կը յայտնենք Հայաստանի պետութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու սփիւռքի բոլոր հոգեւոր կեդրոններուն, ազգային թէ համայնքային կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք տագնապի ամբողջ տեւողութեան նիւթաբարոյական զօրակցութիւն ցուցաբերեցին մեր ժողովուրդին:

Այս հանդիպումին վերահաստատեցինք մեր միասնակամ համայնք ըլլալու իրողութիւնը, որովհետեւ միասնաբար գործեցինք` մեզի հետ ունենալով համայնքային բոլոր կառոյցները եւ պիտի շարունակենք նո՛յն ոգիով մեր կարելին ի գործ դնել` յoգուտ մեր համայնքի տագնապահար զաւակներուն:

Արդ, վեհափառ հայրապետին ցուցմունքներով եւ միասնաբար վերականգնումի յոյսով, մեր հաւաքական ճիգը պիտի ըլլայ նոյն ոգիով ու վճռակամութեամբ ծառայել սուրիահայ մեր ժողովուրդին:

Կո՛չ կ՛ուղղենք սուրիահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն` իբրեւ լիիրաւ սուրիացի քաղաքացիներ, հաւատարիմ մնալու ասպնջական Սուրիոյ, աննկուն կամքով շարունակելու մեր հաւաքական երթը` մաղթելով, որ խաղաղութիւնը շուտով վերահաստատուի, իսկ մեր ժողովուրդը վերադառնայ եւ վերականգնէ իր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութիւնը:

ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻՆ

ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՔ. ՄԻՐԻԱԹԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

ՎԵՐ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԵԼԻՄԵԱՆ
ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+