Արեւմտահայերէնը 21-րդ Դարուն Գիտաժողով` Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

03 Şubat 2016  

Արեւմտահայերէնը 21-րդ Դարուն Գիտաժողով` Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ -

Արեւմտահայերէնը 21-րդ Դարուն Գիտաժողով` Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ Արեւմտահայերէնը 21-րդ Դարուն Գիտաժողով` Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ

Մեծն Բրիտանիոյ Օքսֆորտ համալսարանի Փեմպրուք քոլեճին մէջ 21, 22, 23 յունուար 2016-ին կայացաւ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագիրը կրող գիտաժողովը` Օքսֆորտ համալսարանի արեւելագիտութեան ամպիոնի հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեամբ:

Ժողովի կազմակերպիչներն էին` «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի հայագիտութեան ամպիոնի դասախօս եւ Գրիգոր Նարեկացիին, Գրիգոր Մագիստրոսին, Կոստանդին Երզնկացիին եւ հայոց պատմութեան ու գրականութեան այլ երախտաւորներու նուիրուած կարգ մը աշխատութիւններու հեղինակ Թէօ Վան Լինտ, եւ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան: Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սփիւռքէն ու Հայաստանէն կրթական, գիտական, գրական եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, գործիչներ ու հրատարակիչներ: Գիտաժողովը երեք օրերու ընթացքին 6 նիստով քննարկեց հայերէնի զարգացման ու պահպանման խնդիրները:

Հինգշաբթի, 21 յունուար 2016-ին գիտաժողովի պաշտօնական բացումը կատարեց դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան: Այնուհետեւ Վալենթինա Գալցոլարի բանախօսեց` նիւթ ունենալով «Ներկան անցածով լուսաւորուելու է»:

Գիտաժողովի աշխատանքները սկսան ուրբաթ, 22 յունուար 2016-ին: Ա. նիստին բնաբանն էր «Արեւմտահայերէնի ներկայ իրականութիւնը», իսկ վարիչը` Հրաչ Չիլինկիրեան: Անահիտ Տօնապետեան, Ռազմիկ Փանոսեան եւ Անի Կարմիրեան զեկուցեցին` արեւմտահայերէնի ներկայ «աշխարհագրութեան» եւ հիմնական խնդիրներուն մասին: Իսկ Խաչիկ Թէօլէօլեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան եւ Սագօ Արեան զեկուցեցին «Աշխարհաքաղաքական տագնապներու հետեւանքները եւ տնտեսական-ընկերային մաքառումներու ազդեցութիւնը արեւմտահայերէնի մշակոյթի ներկային եւ գալիք տասնամեակներուն վրայ» նիւթին մասին:

Դադարէ մը ետք սկսաւ Բ. նիստը, որ կը կրէր «Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները` գրողին, ստեղծողին ու ընթերցողին եւ ունկնդիրին համար»: Նիստը վարեց Թէօ Վան Լինտ: Զեկուցեցին Գրիգոր Պըլտեան, Գրիգոր Մոմճեան, Քրիստիան Բատիկեան, Լոլա Գունտաքճեան, Մարկ Նշանեան եւ Անահիտ Սարգիսեան:

Գ. նիստի բնաբանն էր «Կառոյցներու եւ միջոցներու խնդիրները»: Նիստը վարեց Ռազմիկ Փանոսեան: Գէորգ Պարտագճեան, Վարդան Մաթէոսեան, Գրիգոր Մոսկոֆեան եւ Մարտիկ Չոլաքեան ներկայացուցին, թէ ինչպիսի՛ կառոյցներ, հաստատութիւններ եւ միջոցներ պէտք են յառաջիկայ 10, 20, 30 տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու համար:

Գիտաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան շաբաթ, 23 յունուարին: Գումարուեցաւ երեք նիստ: Դ. նիստին վարիչն էր Թոմ Սամուէլեան, իսկ բնաբանը` «Արեւմտահայ հրատարակչութեան հարցերը»: Ժիրայր Դանիէլեան, Արամ Մեհրապեան եւ Մարտիկ Չոլաքեան զեկուցեցին արեւմտահայերէն հրատարակիչներու եւ հրատարակչատուներու ներկայ խնդիրներուն ու ապագայ ակնկալութիւններուն մասին: Իսկ Ե. նիստի վարիչն էր Խաչիկ Թէօլէօլեան, իսկ բնաբանը` «Արեւմտահայ մամուլին այսօրուան ու վաղուան հարցերը»: Վահագն Գարագաշեան, Շահան Գանտահարեան, Սեւան Տէյիրմենճեան եւ Ժիրայր Չոլաքեան խօսեցան սփիւռքի մէջ հրատարակուող արեւմտահայ մամուլին (ելեկտրոնայինն ու համացանցայինը ներառեալ) դիմագրաւած առաջնահերթ խնդիրներուն եւ ապագայի մարտահրաւէրներուն մասին:

Գիտաժողովի եզրափակիչ նիստը վարեց Հրաչ Չիլինկիրեան: Վերջին այս նիստը յատկացուած էր գործնական առաջարկներու: Իւրաքանչիւր մասնակիցէ խնդրուեցաւ երկու օրուան քննարկումներէն ետք երկու հիմնական առաջարկներ ներկայացնել: Ներկաները չորս խումբի բաժնուած` շուրջ կէս ժամուան խորհրդածութիւններէն ետք ներկայացուցին իրենց առաջարկները:

«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» գիտաժողովը ունէր գործնական եւ աշխատանքային բնոյթ, գիտականին եւ տեսականին առընթեր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+