Ակնարկ. Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի. Հերթը Հայկական Կողմին Է - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

03 Şubat 2016  

Ակնարկ. Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի. Հերթը Հայկական Կողմին Է -

Ակնարկ. Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի. Հերթը Հայկական Կողմին Է Ակնարկ. Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի. Հերթը Հայկական Կողմին Է

ԵԽԽՎ-ի քուէարկութիւններէն բազմաթիւ հետեւութիւններ կարելի է ընել: Շատ արագ նշելու համար, թէ հակահայ զեկուցումներու հեղինակները առանց Արցախ այցելելու, տեղւոյն վրայ տիրող իրավիճակին ծանօթանալու քաղաքական, զինուորական եւ նոյնիսկ ջրամբարի օգտագործման վերաբերեալ գնահատականներ կ՛ամրագրէին. թէ զեկուցումները բացառապէս կողմնակալ էին եւ կը խախտէին անաչառութիւնը: Տակաւի՛ն` Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները մշտապէս արտայայտած են իրենց պատրաստակամութիւնը` Ազրպէյճանի հետ համատեղ Սարսանգի ջուրերն օգտագործելու կապակցութեամբ:

Թէ 22 յունուարին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները ոչ հայանպաստ բանաձեւերու առնչութեամբ հանդէս եկած էին յայտարարութեամբ` ԵԽԽՎ-ին յիշեցնելով, որ Մինսքի խմբակը կը շարունակէ մնալ բանակցութիւններուն համար միակ ընդունելի ձեւաչափը:

Այս վերջին յայտարարութիւնը, որ բանակցային գործընթացի ձեւաչափի պահպանումը կը վերահաստատէր, խորքին մէջ կ՛ընդգծէր այս զեկուցումներուն ԵԽԽՎ-ի կողմէ քննարկումին անիմաստ ըլլալը եւ հակասելը նախապէս կայացած միջազգային համաձայնութեան` միջնորդական առաքելութիւնը ԵԱՀԿ-ին յանձնելու սկզբունքին շուրջ:

Հիմա այն տպաւորութիւնը կը փորձուի ձգել, որ երկու հակահայ բանաձեւերէն մէկը մերժելով եւ միւսը անցընելով հաւասարակշռութեան խաղն է, որ կը պահպանուի իբրեւ թէ ԵԽԽՎ-ի կողմէ:

Բնական մղումով շրջանառութեան մէջ դրուող հարցում-առաջարկը կ՛ըլլայ այն, որ եթէ հաւասարակշռութեան խաղի կանոնական այս տրամաբանութիւնը պիտի կիրարկուի, ուրեմն հայկական կողմը պէտք է ներկայացնէ երկու հակաազրպէյճանական բանաձեւեր, որոնցմէ մէկը կ՛անցնի, իսկ միւսը կը մերժուի:

Այդքան ալ պարզ չէ անշուշտ հակակշիռ խաղ թելադրելը: Հայկական կողմը Արցախի հարցի առնչութեամբ հակաազրպէյճանական բանաձեւեր ներկայացնելու խաղին մասնակից պէտք չէ դառնայ. նման քայլ մը ինքնահակասական, բայց նաեւ ԵԱՀԿ-ին դէմ առնուած քայլով կը մեկնաբանուի: Մանաւանդ որ այստեղ հայկական կողմն ու ԵԱՀԿ-ը նոյն դիրքորոշումին վրայ են ձեւաչափը պահպանելու տեսակէտով:

Քիչ մը ետ երթանք եւ այս անգամ նկատենք, որ սեպտեմբեր 2015-ին, Եւրոպական խորհրդարանը կը քուէարկէր Ազրպէյճանը քննադատող աննախադէպ բանաձեւ, ուր կ՛ըսուէր, որ Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած է աճ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալութիւններու ենթարկուած իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու երեւոյթներուն:

Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է քննարկէր պաշտօնատար անձերու դէմ հասցէական պատժամիջոցներ կիրարկելու (ընդ որում` Եւրոպա մուտքի արգելք) հարցը:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէր Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ծառայութեան դէտեր չուղարկելու: Կը հիմնաւորուէր, որ ներկայ պայմաններուն մէջ դէտեր ուղարկելը կ՛օրինականացնէ Ազրպէյճանի ընտրութիւնները:

«Եւրոպական Միութիւնը պէտք է կոչ յղէ Ազրպէյճանի կառավարութեան չեղեալ նկատելու համար Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման որոշումը եւ շարունակէ այդ կազմակերպութեան հետ գործակցութիւնը» կը նշուէր բանաձեւին մէջ:

Ուրեմն. եւրոպական արժեհամակարգային սկզբունքներու նկատառումով մեր նախագիծերը պէտք է առանցքային բաժին ունենան Ազրպէյճանի թոյլ կէտերը` հալածանք, մարդու իրաւունքներու բռնաբարում, ընտանեկան սակաւապետական բռնատիրութիւն, որոնց հիման վրայ նաեւ յղում Եւրոպական խորհրդարանի կոչին` հասցէական պատժամիջոցներ որդեգրելու: Այստեղ կայ առաւելութիւն. պատժամիջոցը իրաւական ընթացակարգ է, ի տարբերութիւն ԵԽԽՎ-ի ոչ պարտադիր բնոյթի բանաձեւերուն:

Հայկական կողմը թայմինկի ճիշդ գնահատումով եւ մնալով հակակշռումի եւրոպական քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ նոյնքան եւ աւելի հակահարուածային բանաձեւեր կրնայ որդեգրել տալ ԵԽԽՎ-ի մէջ կամ նոյնիսկ Եւրոպական խորհրդարանին: Կը թուի, որ հաւասարակշռումի քաղաքական խաղին մէջ հերթը հայկական կողմինն է: Իսկ Պաքուն եւրոպական արժէքներու օրինաչափութիւններուն մէջ հարուածուելու առիթներ հրամցնելու շռայլութիւնը ունի. մանաւանդ հիմա, երբ քարիւղի հաշիւը շատ նկատի չ՛առնուիր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+