Սուրիոյ Ղնէյմիյէ Գիւղի Հայոց Գերեզմանատունը Պղծուած Է - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

03 Şubat 2016  

Սուրիոյ Ղնէյմիյէ Գիւղի Հայոց Գերեզմանատունը Պղծուած Է -

Սուրիոյ Ղնէյմիյէ Գիւղի Հայոց Գերեզմանատունը Պղծուած Է Սուրիոյ Ղնէյմիյէ Գիւղի Հայոց Գերեզմանատունը Պղծուած Է

Լիբանանեան ”Ալմանար” պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ժապհաթ Նուսրա քանդած է Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Ղնէյմիյէ գիւղին եկեղեցիները։

Պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած տեսագրութեան մէջ կը ներկայացուի Ժագ անունով անհատ մը, որ Ղնէյմիյէ գիւղին Սուրիոյ բանակի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք‚ տարիներու սպասումէն ետք կ’այցելէ իր տունը‚ որ քարուքանդ եղած է։

Գիւղին հայկական եկեղեցին եւ աւետարանական եկեղեցին ենթարկուած են դիտաւորեալ քանդումի։ Քանդուած եւ պղծուած են նաեւ գերեզմանները։ Գիւղի հայ բնակիչներէն մէկը պատկերասփիւռի կայանին կը յայտնէ.”Այս չարիքի արմատը թուրքերն են, իրենք է որ կացութիւնը այս վիճակին հասցուցին, իրենք է որ քանդեցին։ Իսկ զինեալները հարազատ կրկնօրինակն են թուրքերուն‚ որոնք կրօնք չունին‚ ո՛չ երկրի վրայ‚ ո՛չ ալ երկնքի մէջ”։

Զինեալները գիւղին մէջ միայն քանդում ու տեղահանութիւն պատճառած են։ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները գիւղը վերածած են իրենց հրամանատարական կեդրոնին։ Գիւղը‚ որուն տուները քարերէ շինուած են եւ ժայռափոր են‚ զինեալ խմբաւորումներուն շրջանէն վտարուելէն առաջ վերածուած էր թրքական գաղտնի սպասարկութեանց կեդրոնի‚ որ կը գտնուէր իրենց գլխաւոր կեդրոնին՝ Սալմա բնակավայրի թիկունքին։

”Ալմանար”-ի լրագրողը տեսերիզի վերջաւորութեան կը նշէ. ”Հայերուն դէմ թուրքերուն ջարդերը կը կրկնուին 21-րդ դարուն. այդ է կարծիքը համեստ Ղնէյմիյէ գիւղի բնակիչներուն”։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+