Տաւութօղլու Մեկնաբանած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Թուրքիոյ` Սուրիա Ներխուժելու Պատրաստուելուն - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

06 Şubat 2016  

Տաւութօղլու Մեկնաբանած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Թուրքիոյ` Սուրիա Ներխուժելու Պատրաստուելուն -

Տաւութօղլու Մեկնաբանած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Թուրքիոյ` Սուրիա Ներխուժելու Պատրաստուելուն Տաւութօղլու Մեկնաբանած Է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Թուրքիոյ` Սուրիա Ներխուժելու Պատրաստուելուն Մասին Յայտարարութիւնը

ՌԻԱ Նովոսթի կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու մեկնաբանած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա կը պատրաստուի ներխուժել Սուրիա:

Ան յայտարարած է, որ Ռուսիան որոշ «յանցագործութիւններ» կը պատրաստէ Սուրիոյ տարածքին մէջ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնած էր, որ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ թրքական զօրքերու կուտակումները, թրքական հրետանիին կողմէ Սուրիոյ Լաթաքիա շրջանի ռմբակոծումներու անհերքելի տեսանկարահանումները, ինչպէս նաեւ գաղտնի այլ տեղեկութիւններ հիմք կու տան պնդելու, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Սուրիա ներխուժելու:

«Թրքական բանակի քողարկուած ռազմափորձերը, նախապէս միջազգային հանրութեան մեր կողմէ ներկայացուած սուրիական Լաթաքիա շրջանի ռմբակոծումը թրքական հրետանիին կողմէ եւ մեր ունեցած գաղտնի այլ տեղեկութիւնները, մեզի հիմք կու տան կարծելու, որ Թուրքիա կը պատրաստուի ներխուժելու Սուրիա», ըսած էր ան:

Տաւութօղլու պատասխանելով այդ յայտարարութեան յայտնած է. «Թուրքիան իրաւունք ունի որեւէ քայլի ձեռնարկելու` իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար»` աւելցնելով, որ Մոսկուան այդպիսի գործողութիւններով կը փորձէ շեղել ուշադրութիւնը «Սուրիոյ մէջ իր յանցաւոր գործունէութենէն»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած է մեկնաբանել այդ տեղեկութիւնը` պարզապէս յայտարարելով, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր գործընկեր է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի հարցին մէջ: Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւն կատարելու վերաբերեալ Սէուտական Արաբիոյ ծրագիրին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ կռուելու Ռիատի ծրագիրներուն հարց տուաւ. «Եմէնի մէջ բոլորը պարտութեան մատնեցի՞ք»:

Տաւութօղլուի Շքախումբին Ճամբուն Վրայ
Պայթում
Թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Մարտին նահանգին մէջ Տաւութօղլուի շքախումբի ճամբուն վրայ տեղի ունեցած է պայթում մը, որուն պատճառով թեթեւօրէն վիրաւորուած է անձ մը:

Ոստիկանութիւնը կը քննէ դէպքը, Մարտինի մէջ ամրապնդուած են անվտանգութեան միջոցառումները:

Կը նշուի, որ պայթումը տեղի ունեցած է հրապարակի մը վրայ, ուրկէ պիտի անցնէր Թուրքիոյ վարչապետը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+