Ճորճ Քլունի «Աւրորա»-ի Մրցանակակիրին Պիտի Յանձնէ «Թումօ»-ի Սաներուն Նախագծած Արձանիկը - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

12 Şubat 2016  

Ճորճ Քլունի «Աւրորա»-ի Մրցանակակիրին Պիտի Յանձնէ «Թումօ»-ի Սաներուն Նախագծած Արձանիկը -

Ճորճ Քլունի «Աւրորա»-ի Մրցանակակիրին Պիտի Յանձնէ «Թումօ»-ի Սաներուն Նախագծած Արձանիկը Ճորճ Քլունի «Աւրորա»-ի Մրցանակակիրին Պիտի Յանձնէ «Թումօ»-ի Սաներուն Նախագծած Արձանիկը

100 LIVES նախաձեռնութեան հիմնադրած «Աւրորա» (Aurora) մրցանակի արձանիկի գծագրական պատկերը պիտի ստեղծեն «Թումօ» ստեղծարար արուեստագիրութեան կեդրոնի սաները: Այս մասին կը յայտնէ «Թումօ»-­ի ֆէյսպուքեան էջը:

Մէկ ամսուան ընթացքին «Թումօ» ստեղծարար արուեսագիտութեան կեդրոնին մէջ չորս դասընթացավարներ պիտի աշխատին չորս խումբերու հետ: Խումբերէն իւրաքանչիւրը պիտի մշակէ իր մտապատկերը, իսկ պիտի արտադրուի յաղթող խումբի առաջարկած ձեւաւերումը: Բոլոր անոնք, որոնք գծագրական ձեւաւորումով (graphic design) չեն զբաղիր ու չորս դասընթացներու մասնակիցներուն մէջ չեն, միեւնոյնն է` կրնան մասնակցիլ` առաջարկելով մրցանակի կարգախօսն ու գունապնակը: Յաղթող կարգախօսն ու գունապնակը պիտի յայտրաարուին «100 LIVES»-­ի պաշտօնակատար անձերուն կողմէ Ապրիլ 23-­ին Դիլիջանի մէջ:

«Աւրորա»-­ն համաշխարհային մարդասիրական ամենամեայ նոր մրցանակ է, որ պիտի շնորհուի այն անհատներուն կամ խումբերուն, որոնք իրենց վտանգի ենթարկելով օգնած են այլոց գոյատեւելու: Առաջադրումներու գործընթացը մեկնարկած է 2015 թուականի Յուլիս 1-էն­ եւ շարունակուած մինչեւ Հոկտեմբեր 1: Մրցանակի յաւակնորդներուն գնահատելու համար «Աւրորա» մրցանակը ընտրող յանձնաժողովին մէջ ընդգրկած է արժանի մարդիկ. Նոբելեան մրցանակակիրներ Էլի Ուիզըլը, Օսքար Արեասը, Շիրին Էպատին եւ Լէյմա Կպովէն, Իռլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռապինսընը, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Հինա Ճիլանին, Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի ներկայ նախագահ ու գործադիր տնօրէն Կարեթ Էւընսը, Նիւ Եորքի Քարնեգի ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրեգորեանը, ինչպէս նաեւ օսքարակիր դերասան ու մարդասիրական ոլորտի գործիչ Ճորճ Քլունին: Անոնք բոլորը տարբեր ոլորտներու մէջ յաջողութիւններու հասած անձիք են, որոնց կը միաւորէ իրենց նուիրուածութիւնը մարդասիրութեան սկզբունքներուն:

2016-ի Ապրիլ 24-­ին Երեւանի մէջ կայանալիք արարողութեան ընթացքին Ճորճ Քլունի յաղթողին պիտի յանձնէ անդրանիկ մրցանակը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+