Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Պէտք Է Կատարէ Լարուածութեան Թուլացման Համաձայնութիւնները Ըսաւ Մոկերինի - Հայերէն
14 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

16 Şubat 2016  

Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Պէտք Է Կատարէ Լարուածութեան Թուլացման Համաձայնութիւնները Ըսաւ Մոկերինի -

Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Պէտք Է Կատարէ Լարուածութեան Թուլացման Համաձայնութիւնները  Ըսաւ Մոկերինի Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Պէտք Է Կատարէ Լարուածութեան Թուլացման Համաձայնութիւնները Ըսաւ Մոկերինի

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է կատարէ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան թուլացման շուրջ Միւնիխի եւ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Պատասխանելով Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու դիրքերու ռմբակոծման եւ Սուրիոյ տարածք խումբ մը թուրք զինուորներու ներխուժման մասին տեղեկութեանց վերաբերեալ հարցումին` Մոկերինի յայտնած է. «Քանի մը օր առաջ մենք բոլորս, ներառեալ` Թուրքիան, կը քննարկէինք Սուրիոյ մէջ զինադադարի եւ լարուածութեան թուլացման հարցերը: Բոլոր ուժերը, ներառեալ` Թուրքիան, պէտք է գործեն այդ ուղղութեամբ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+