Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Քնար Պոհչալեան Տօնեց Իր 107-Ամեակը - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

18 Şubat 2016  

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Քնար Պոհչալեան Տօնեց Իր 107-Ամեակը -

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Քնար Պոհչալեան Տօնեց Իր 107-Ամեակը Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Քնար Պոհչալեան Տօնեց Իր 107-Ամեակը

«Հորիզոն»-ին համաձայն, 13 փետրուարին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող Քնար Պոհչալեան-Եմինիճեան դարձաւ 107 տարեկան: Մեծ հաւանականութեամբ ան հաւանաբար ամէնէն տարեց վերապրողներէն մէկն է:

Քնար Պոհչալեան-Եմինիճեան ծնած է 1909-ին, Կեսարիա: Երբ ջարդերը եւ Կեսարիոյ դէմ յարձակումը սկսան, ան իր ընտանիքին հետ քանի մը ամիս ապաստանեցաւ յարդանոցի մը մէջ: Հետագային անոր ընտանիքը աքսորուեցաւ, սակայն` ոչ իրենց տունէն շատ հեռու, որովհետեւ հայրը թրքական բանակին մէջ զինուոր էր: Պոհչալեան կը յիշէ, որ մեծնալու ընթացքին իր մայրը եղբօրը գլխուն թաշկինակ կը կապէր, որպէսզի զինք աղջիկ կարծեն, որովհետեւ բոլոր այր մարդիկը կը հաւաքէին ու կը սպաննէին: Կառավարական հրամանագրէ մը ետք եւ իրենց մեծ մօր քաջալերանքով անոնք իրենք զիրենք կը թրքացնեն, որպէսզի կենդանի մնան: Պոհչալեան եւ իր ամբողջ ընտանիքը թրքական անուններ կը կրեն: Զինադադարը յայտարարուելէն ետք անոր ծնողները կ՛որոշեն շրջանէն փախուստ տալ: 1928-ին անոնք կը մեկնին Անգարա, ապա` Պոլիս, ուր 11 ամիս մնալէ ետք նաւով կ՛անցնին Յունաստան եւ երկու օր ետք կը հասնին Աղեքսանդրիա: Ան օրին 19 տարեկան էր:

Պոհչալեան կ’ըսէ, թէ իր ընտանիքին Ցեղասպանութենէն վերապրելու միակ պատճառը թրքական ինքնութիւն ընդունիլն էր, այսինքն` իսլամանալ եւ թուրք դառնալ: Ան երախտապարտ կը մնայ իր մեծ մօր, որ (վստահաբար դժկամութեամբ) Պոհչալեան ընտանիքը քաջալերեց թրքանալու: Պոհչալեան ամուսնացաւ եւ 40 տարի Եգիպտոսի մէջ ապրեցաւ մինչեւ 1971, երբ իր ընտանիքին հետ փոխադրուեցաւ Մոնրէալ: Հակառակ բոլոր դժուարութեանց` ան Ցեղասպանութենէն վերապրեցաւ: Անոր հետ հանդիպում ունենալն ու ներկայութիւնն ու առատաձեռնութիւնը վայելելը հոյակապ փորձառութիւն մըն էր: Պոհչալեան ունի երկու զաւակներ, երեք թոռներ եւ երեք ծոռներ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+