Տաւութօղլու Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Լարուածութեան Համար Կը Մեղադրէ Ռուսիան - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

24 Şubat 2016  

Տաւութօղլու Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Լարուածութեան Համար Կը Մեղադրէ Ռուսիան -

Տաւութօղլու Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Լարուածութեան Համար Կը Մեղադրէ Ռուսիան Տաւութօղլու Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Լարուածութեան Համար Կը Մեղադրէ Ռուսիան

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու «Ժազիրա»-ի թրքական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը գտնուի Ռուսիոյ ձեռքը:

Անդրադառնալով թրքական կործանիչներու կողմէ ռուսական ռմբաձիգի վար առնուելուն` Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է.«Մենք չենք զղջար մեր սահմանը պաշտպանելու համար: Վստահաբար, այդ օդանաւը վար առնելէ առաջ չէինք գիտեր, որ անիկա ռուսական է: Հաւանաբար անիկա պատկանէր նաեւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն»:

Տաւութօղլու դարձեալ խօսած է իր երկրին սահմանները պաշտպանելու իրաւունքին մասին` ընդգծելով, որ իրենք բազմիցս զգուշացուցած էին Ռուսիան` չխախտել Թուրքիոյ օդային սահմանը:

«Ինչպէս միւս երկիրներու պարագային, Ռուսիոյ հետ եւս կ՛ուզենք զարգացնել մեր յարաբերութիւնները: Այս պատճառով է, որ յարաբերութիւններուն աւելի չվնասելու համար մինչեւ այս պահս շատ ուշադիր էինք: Սակայն, դժբախտաբար, ռուսական կողմը լարուածութիւնը աւելի ուժեղացուցած է», ըսած է Տաւութօղլու` աւելցնելով նաեւ, որ ռուսական օդանաւի վար առնուիլը Ռուսիոյ ուղղուած պատգամ մը չէր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+