ՄԱԿ Կը Գնահատէ Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Վերաբերող Հայաստանի Ջանքերը - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

01 Mart 2016  

ՄԱԿ Կը Գնահատէ Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Վերաբերող Հայաստանի Ջանքերը -

ՄԱԿ Կը Գնահատէ Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Վերաբերող Հայաստանի Ջանքերը ՄԱԿ Կը Գնահատէ Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Վերաբերող Հայաստանի Ջանքերը

Աշխատանքային այցելութեամբ Ժընեւ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 29 փետրուարին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Զէիտ Ռաատ Հիւսէյնի հետ: Հիւսէյն բարձր գնահատած է Հայաստանի նախաձեռնողական, հետեւողական ջանքերը նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ այսօր միջազգային հանրութիւնը աւելի վճռական է կանխարգիլելու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները:

Այս ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան շեշտած է. «Իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդ` մենք պարտաւորուած կը զգանք քայլերու ձեռնարկելու մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւնները բացառելու գործին մէջ միջազգային հանրութեան ջանքերու միաւորման ուղղութեամբ»:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին իբրեւ հետեւանք մարդու իրաւունքներուն, փոքրամասնութիւններուն առնչուող խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Այս առումով նշուած է, որ Հայաստան ապաստան տուած է Սուրիայէն եկած 20 հազար գաղթականներու: Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող հարցերու, եւ նախարար Նալբանդեան ընդգծած է, որ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն հաստատուած է: Զրուցակիցին խնդրանքով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրին խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+