Մոսկուա Կը Յուսայ Դաշնակցային Սուրիոյ Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել. «Սուրիոյ Սահմանակից Երկիրներու Կող - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

01 Mart 2016  

Մոսկուա Կը Յուսայ Դաշնակցային Սուրիոյ Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել. «Սուրիոյ Սահմանակից Երկիրներու Կող -

Մոսկուա Կը Յուսայ Դաշնակցային Սուրիոյ Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել. «Սուրիոյ Սահմանակից Երկիրներու Կող Մոսկուա Կը Յուսայ Դաշնակցային Սուրիոյ Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել. «Սուրիոյ Սահմանակից Երկիրներու Կողմէ Զինուորական Պատրաստութիւնները Չեն Կրնար Չմտահոգել Ռուսիոյ Իշխանութիւնները» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական միջամտութիւնը զինադուլը տապալող հարուած մը պիտի ըլլայ»` աւելցնելով. «Թուրքիոյ վարմունքը Սուրիոյ մէջ զինադուլի սեղանին տակ զետեղուած եւ ժամացոյցի կցուած ռումբի համազօր է»:

«Թրքական իշխանութիւնները սուրիական շրջանները հարուածելու գաղափարէն չհրաժարեցան», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Սուրիոյ սահմանամերձ երկիրներուն կողմէ զինուորական պատրաստութիւնները չեն կրնար չմտահոգել Ռուսիոյ իշխանութիւնները»:

Ռիապքով յայտնեց, որ Մոսկուա կը յուսայ, որ միջսուրիական բանակցութիւններու մասնակիցները դաշնակցային հանրապետութեան ստեղծման գաղափարին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:

Մինչ այդ, ՕԹԱՆ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական ներկայութեան նկատմամբ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ զինադուլի գործադրման շուրջ համաձայնութիւնները:

«Զրուցակիցները գնահատականներ փոխանակած են սուրիական հողին վրայ մարտական գործողութիւններու դադրեցման շուրջ համաձայնութիւններու գործադրման վերաբերեալ` հաւաստելով մեր երկիրներու` իբրեւ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի համանախագահներու միջեւ զինուորական գծով սերտ համակարգման կարեւոր նշանակութիւնը», նշած է նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Նախարարները նշած են տեղեկատուական տարածութիւն զինադադարը չպահպանելու վերաբերեալ սադրիչ հաղորդագրութիւններ նետելու անթոյլատրելիութիւնը»:

Կողմերը նաեւ «շարունակած են Հիւսիսային Քորէայի վրայ ազդելու միջոցառումներու ուղղութեամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախկին որոշումներու խախտումին» քննարկումը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+