Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած է Նոր Գիրքերու Շնորհանդէս-Վաճառք - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

01 Mart 2016  

Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած է Նոր Գիրքերու Շնորհանդէս-Վաճառք -

Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած է Նոր Գիրքերու Շնորհանդէս-Վաճառք Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած է Նոր Գիրքերու Շնորհանդէս-Վաճառք

Այսօր Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հանրապետական գրադարանին մէջ կայացած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն անելիք չունի այլեւս», Սիմոն Վրացեանի «Խարխափումներ», Արշակ Ջամալեանի «Յ. Քաջազնունին եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը», Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» եւ Վահան Նաւասարդեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութեան անելիքը» վերահրատարակուած գիրքերու շնորհանդէս-վաճառք:

Ըստ Artsakhpress.am-ի` գիրքերու խմբագիր, Հայկական ուսումնասիրութիւններու
«Անի» հիմնադրամի համակարգող, լրագրող Թաթուլ Յակոբեան, ողջունելով ներկաները նշած է, որ Ռուբէն Դարբինեանի գիրքը հրատարակուած է արեւմտահայերէնով եւ դասական` Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, իսկ միւս 4 գիրքերը արեւելահայերէնով են` Աբեղեանական ուղղագրութեամբ:

Այնուհետեւ Թ. Յակոբեան ներկայացուցած է «Սիւիլիթաս» հիմնադրամի 8-րդ տարեկան զեկոյցը, որ վերնագրուած է «Հայաստան 2015. յիշողութիւն,կեղծիք եւ իրականութիւն»:

«Ինչպէս նախորդ բոլոր տարեկան զեկոյցները, այս զեկոյցը եւս բաղկացած է 3 բաժիններից` տարածաշրջան Հայաստան եւ տնտեսութիւն, որոնք համապատասխանաբար կրում են «Ալեկոծ տարածաշրջան», «Անգոյն ներկապնակ», «Չարդարացուած սպասումներ» վերնագրերը,- ըսած է Թ. Յակոբեան:

Ան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Սիմոն Վրացեանի «Խարխափումներ», Արշակ Ջամալեանի «Յ. Քաջազնունին եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը» եւ Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» հատորները Քաջազնունիի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն անելիք չունի այլեւս» գիրքի իւրովի պատասխանը կը հանդիսանան:

«Այս գրքերի հրատարակութիւնը հայ քաղաքականութեան պատմութեան ամենակարեւոր գործերից եմ համարում»,- ըսած է Թ. Յակոբեանը:

Թ. Յակոբեանի խօսքով` Հայկական ուսումնասիրութիւններու
«Անի» հիմնադրամը հրատարակած է նաեւ այս նշանաւոր հինգ դաշնակցականներու համահեղինակութեամբ ստեղծուած 800 էջանոց հատորը, որ կը կրէ «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անելիք ունի՞, թէ՞ չունի» խորագիրը:

Այս գիրքերու շնորհանդէս-վաճառքը տեղի պիտի ունանայ նաեւ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Պէյրութի մէջ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակութիւն եւ հարց ու պատասխան, որմէ յետոյ` գինեձօն:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ ԼՂՀ ԱԺ պատգամաւորներ եւ ընթերցասէր հասարակութիւն:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Թաթուլ Յակոբեանի հրատարակած «Զօրավար Անդրանիկ» գիրքիշնորհանդէսը եւս կայացած է Ստեփանակերտի մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+