Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնի Պահպանման – 5. Ուսուցիչներու Եւ Ընդհանրապէս Հայերէն Գրողներու Պատրաստութիւն - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

05 Mart 2016  

Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնի Պահպանման – 5. Ուսուցիչներու Եւ Ընդհանրապէս Հայերէն Գրողներու Պատրաստութիւն -

Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնի Պահպանման – 5. Ուսուցիչներու Եւ Ընդհանրապէս Հայերէն Գրողներու Պատրաստութիւն Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնի Պահպանման – 5. Ուսուցիչներու Եւ Ընդհանրապէս Հայերէն Գրողներու Պատրաստութիւն

Խորագիրին առաջին բաժինը երկար բացատրութեան չի կարօտիր, իսկ երկրորդով նկատի ունինք բոլոր այն անհատները եւ խմբակները, որոնք իրենց մասնագիտական կամ սիրողական ասպարէզներուն մէջ հայերէնը կը գործածեն ամէնօրեայ դրութեամբ: Ասոնց շարքին են` խմբագիրներ, թերթերու եւ մամուլի աշխատակիցներ, տպարաններու, հայկական հաստատութեանց գրասենեակներուն մէջ գործողներ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ… գրագէտներ:

Այս հարցը առաւելաբար սփիւռքեան տագնապ է. Հայաստանը նոյնքան սուր հարց չունի, թէեւ (ինչպէս նախընթաց սիւնակներուն մէջ ակնարկեցինք արդէն) հոն տագնապը տարբեր գոյն ունի եւ առաւելաբար կը ներկայանայ օտար եզրերու առատ գործածութեամբ:

Դժբախտ իրականութիւն է, որ սփիւռքի մեր բոլոր գաղութներուն մէջ, ուսուցչական թէ լայն իմաստով խմբագրական ու գրաւոր աշխատանքի մարզերուն մէջ, պարզ ու անթերի հայերէն կիրարկողներու թիւը արագ նահանջի մէջ է, պահանջը կը ծովանայ: Ունինք զոյգ առաքելութիւնները անշեղօրէն պահողներու փոքր փաղանգներ, սակայն կ՛ըսենք ու կը կրկնենք, որ դադրողներուն դիրքերը լրացնողները հետզհետէ անբաւարար կը դառնան: Զարմանքէ աւելի` սքանչացումով կը յիշենք յետեղեռնեան տարիներու այն ուսուցիչներն ու խմբագիրները, քարտուղարական ու տպարանային աշխատանք կատարողները, անգա՛մ գեղարուեստական գրականութիւն մշակողները, որոնք համեստագոյն պայմաններու մէջ եւ անգոյ միջոցներով մեր լեզուն սորված, պահպանած, զարգացուցած եւ փոխանցած են յաջորդներուն: (Համակարգչային դարաշրջանը ինքնաբերաբար լուծած է գեղեցիկ ձեռագիրի հարցը…): Առաջին այդ սերունդին աւանդն ու ժառանգութիւնը պահպանելու համար հոս-հոն ստեղծուեցան ուսուցչանոցներ եւ յատուկ ուսումնարաններ` համապատասխան ծրագիրներով, ունեցան երկար կամ կարճ կեանք, այսօր գրեթէ շոգիացած են. իսկ թերթերն ու անոնց տպարանները եղան գրաշարին, սրբագրողին ու խմբագիրին գործնական ուսումնարանները: Տասնամեակներ շարունակ «վերէն» ղեկավարուած եւ հոգացուած բծախնդիր ու նախանձախնդիր մօտեցումը պատճառ դարձաւ, որ դպրոցներէ թերաւարտ զանգուածներ հայերէն սորվին թերթերու էջերէն, եւ մայրենին կենսունակ մնայ մեր ժողովուրդին մէջ:

Վերջին տասնամեակներուն Միջին Արեւելքի հայաշատ երկիրներու ծանօթ վերիվայրումները գլխաւոր, բայց ոչ միակ ազդակը եղան նահաջի արագացման: Ուսուցիչի եւ ընդհարնապէս հայ գիրին սպասարկողներու աստիճանական սովին պատճառներն ու այժմու վիճակը երկար բացատրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու չեն կարօտիր: Գլխաւոր պատճառներէն մէկը այս կալուածներուն նկատմամբ հոգածութեան ու հոգատարութեան նահանջն է: Ցաւալի է նաեւ այն, որ ամէնէն յարգելի ու երախտիք ունեցող հրատարակչատուներէ լոյս տեսնող հատորներ իսկ ծանրաբեռնուած են տողաշարական եւ լեզուական թերութիւններով (հատոր ԽՄԲԱԳՐԵԼՈ՛Ւ կրաւորականութիւն մը վարակիչ դարձած է): Վիճակը յամենայն դէպս անմխիթար չէ, որովհետեւ այս դաշտերը չեն ցամքած, կայ դրօշը պահողներու որոշ թիւ` հակառակ թերի գնահատման ու անտեսումի… Մեր մտածումները կ՛ուղղուին դէպի մեր ապագան:

Յաճախ կը խօսուի փակուած կամ աշխատանքէ դադրած ուսուցչանոցներու եւ յատուկ ուսումնարաններու վերահաստատման-հաստատման մասին: Հայաստանի մէջ թէ այլուր, կը կազմակերպուին ուսուցիչներու կազմաւորման-վերապատրաստութեան ձեռնարկներ, որոնք սակայն չունին ակնկալուած հետեւողականութիւնը, այս «Թղթածրար»-ով արծարծուած մտահոգութեանց լիակատար ձեւով ընդառաջելու տարածքը, յիշեալ ասպարէզներուն շուրջ գրաւչութիւն ստեղծելու տուեալները (երբեմն «զբօսաշրջային»-ը աւելի տիրապետող է): Ընդհանրապէս հարկ եղող կարեւորութիւնը չ՛ընծայուիր այն իրականութեան, որ լեզուն միայն «գեղարուեստական» նիւթ չէ, այլ ունի գիտութեան որոշ օրէնքներ (քերականութիւն, ուղղագրութիւն, շարադասութիւն…), նման` այն օրէնքներուն, որոնք ի զօրու են բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, կորիզային գիտութեանց եւ ուսողութեան կալուածներուն մէջ: Այլ խօսքով, ուսուցիչներ ու գիրի գործիչներ պատրաստելու գործը, ուսուցչանոցի կամ այլ ուսումնարանի ճամբով, պէտք է ճամբայ հանել կազմակերպ եւ լաւապէս ծրագրուած կերպով, համաձայն` ծանօթ պահանջներուն, եւ ոչ թէ պերճանք մը ստեղծելու, կամ ի չգոյէ բան մը ընելու տրամաբանութեամբ:

Հայերէնի ու հայերէնով աւանդուող դասանիւթերու ուսուցիչներ եւ լայն առումով վարիչներ-դաստիարակներ, ինչպէս նաեւ գիրի աշխարհին մէջ ատակ գործողներ ունենալու համար նախապայման են գոնէ երկու սկզբունք. նախ` անհրաժեշտ ուսումն ու գիտելիքը մատակարարել այս ասպարէզը մտնող երիտասարդներու, բայց նաեւ` ներգրաւել ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ՈԳԻ վարակողներ: Ինչպէս որեւէ դասանիւթ կամ գիտելիք փոխանցող` նոյնպէս ալ հայերէն ու հայկական նիւթեր փոխանցողը` ուսուցիչ թէ այլ տեսակի դաստիարակ, գիրի մարդ, պէտք է ՍԻՐՑՆԷ այս նիւթերը (նախ ի՛նք սիրէ զանոնք): Սա կ՛ենթադրէ, տարրական ուսման կողքին, ունենալ մասնագիտական որոշ պատրաստութիւն: Այլ խօսքով, հայերէնին ծառայողներու պատրաստութեան որեւէ ուսումնարան կամ համարժէք ձեռնարկ պէտք ունի յստակ ծրագիրի, որ հետեւողին հիմնական գիտելիքներ (ոչ անպայման մասնագիտական խորութեամբ) տայ մեր լեզուին, պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթի տարբեր կալուածներուն, Հայաստանի (ներկայ ու պատմական) ու շրջակայ գօտիի աշխարհագրութեան եւ առնչակից քաղաքական զարգացումներուն մասին: Այս դրամագլուխով օժտուած անձեր այնուհետեւ կրնան շատ աւելի դիւրութեամբ կիրարկման դնել հայերէնի վարժողական այն հնարաւորութիւններն ու գործիքները, որոնց ակնարկեցինք այս «Թղթածրար»-ի նախորդ «թիւին» մէջ:

Ուսուցիչ, նաեւ գիրի մարդոց պատրաստութիւնը հիմնական նախապայման է, սակայն լուբիայի հատիկին միայն կէսն է. հատիկը կ՛ամբողջանայ ուսուցչական ասպարէզին ընծայելով նաեւ… նիւթակա՛ն բաւարարութեան կէսը (եւ հոս մեծ շան գլուխ մը թաղուած է միշտ): Այս մասին ալ խօսուած է յաճախ, սակայն հազուադէպ են հայերէնի ու հայերէնով աւանդուող նիւթերու այն ուսուցիչները, որոնք գոհացուցիչ եկամուտ կ՛ապահովեն (պէտք է ընդունինք, որ տասնամեակներ առաջ, եղաւ որոշ ժամանակ, երբ այս վէրքը որոշ դարման գտաւ, սակայն նահանջը վրայ հասաւ զանազան պատճառներով): Առանց երկար խօսելու` բաւականանանք արձանագրելով, որ խմբագրական եւ գիրի միւս ասպարէզներուն մէջ վիճակը մեծ տարբերութիւն չունի ուսուցիչներու կացութենէն:

Վերջին տարիներուն, երբ ուսուցչական եւ գիրի կալուածներու մէջ գործողներուն լեզուի բարելաւման նախանձախնդրութեամբ մտահոգութիւններ կ՛արձանագրուին մամուլով ու բեմերէ, նաեւ ուղեցոյցներ կը մշակուին հմուտ անհատներու եւ պատասխանատու շրջանակներու կողմէ, առաջին հերթին նպատակակէտ ունին այս կալուածներուն մէջ գործողները, որովհետեւ անոնք են ու պիտի ըլլան դարմանները դէպի ընտանիք եւ հանրութեան այլ ոլորտները տարածողները: Մտահոգութիւնները արդար են եւ կիրարկումը` անյետաձգելի: Նոյնքան կարեւոր է, որ այդ ճիգերն ու ճիշդ առաջարկները լսող ականջներ գտնեն պատկան մակարդակներու մօտ, անոնց կենսագործման իմաստով…

Աւելորդ չէ կրկնել, որ այս մտասեւեռումին համար արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն օգտագործումը կենսական է: Նահանջին մասին մտահոգուելէ եւ վիճակը ախտաճանաչումներու ենթարկելէ անդին, անհրաժեշտ է, որ գործնական քայլեր առնուին գիրի ու լեզուի իսկական մշակներ ու «խոհարարներ» պատրաստելու եւ պահպանելու համար: Եւ սա արդէն մեզ կը հասցնէ ոլորտ մը, ուր մենք մեզ կը գտնենք պիւտճէական հրամայականներու դիմաց` թէ՛ նման հիմնարկներու գործի լծելու եւ թէ՛ անոնց ընթացքը ամբողջացնողներուն ապահով պայմաններ ստեղծելու իմաստով: Այս հրամայականը անտեսել` պիտի նշանակէ ինքնախաբէութեան մէջ տուայտիլ ու փորձել մեր մատին շուքին ապաւինիլ կիզիչ արեւուն դիմաց:

Հայերէնին, հետեւաբար հայուն ու իր բոլոր արժէքներուն, մեր Դատի՛ն (հասկացողութեան ամէնէն լայն իմաստով) պահպանման համար նիւթական ու բարոյական այս հրամայականներուն ընդառաջելը անփոխարինելի է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+