Լիպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Բախում` Թունուզեան Ապահովական Ուժերու Եւ Ահաբեկիչներու Միջեւ - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

08 Mart 2016  

Լիպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Բախում` Թունուզեան Ապահովական Ուժերու Եւ Ահաբեկիչներու Միջեւ -

Լիպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Բախում` Թունուզեան Ապահովական Ուժերու Եւ Ահաբեկիչներու Միջեւ Լիպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Բախում` Թունուզեան Ապահովական Ուժերու Եւ Ահաբեկիչներու Միջեւ

Թունուզի ապահովական ուժերն ու բանակը յաջողեցան ահաբեկիչներու հետ բախումներէ ետք խաղաղութիւնը վերահաստատել երկրին հարաւը գտնուող Պըն Քարտան քաղաքին մէջ:

Թունուզի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած են 17 զոհեր, որոնց շարքին` զինուորներ եւ երկու քաղաքացիներ, որոնցմէ մէկը` եռամեայ երեխայ մը: Թունուզեան զինեալ ուժերը յաջողած են սպաննել 28 ահաբեկիչներ եւ ձերբակալել 6 ուրիշներ: Ահաբեկիչները փորձած են յարձակում գործել ապահովական եւ զինուորական կեդրոններու դէմ, սակայն թունուզեան ուժերը ձախողութեան մատնած են այդ փորձը եւ ձեռնարկած խոյս տուող զինեալներու հետապնդման:

Թունուզի նախագահ Պաժի Քայետ Սապսի յայտարարեց. «Լիպիոյ հետ սահմանի փակման ժամը հասած է»: Ան ցաւ յայտնեց, որ Պըն Քարտանի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական վերջին յարձակումներէն ետք, այդ միջոցառման որդեգրումը անհրաժեշտ դարձած է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+