Գաղթականներու Վերընդունումը Պիտի Չներառէ Յունական Կղզիներուն Վրայ Գտնուողները Կ՛ըսէ Պոզքըր - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

14 Mart 2016  

Գաղթականներու Վերընդունումը Պիտի Չներառէ Յունական Կղզիներուն Վրայ Գտնուողները Կ՛ըսէ Պոզքըր -

Գաղթականներու Վերընդունումը Պիտի Չներառէ Յունական Կղզիներուն Վրայ Գտնուողները Կ՛ըսէ Պոզքըր Գաղթականներու Վերընդունումը Պիտի Չներառէ Յունական Կղզիներուն Վրայ Գտնուողները Կ՛ըսէ Պոզքըր

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր նշեց, որ իր երկրին կողմէ Եւրոպական Միութեան գաղթականներու վերընդունման վերաբերեալ ներկայացուած առաջարկը չի ներառեր ներկայիս յունական կղզիներուն վրայ գտնուող գաղթականները:

«Համաձայնութեան գործադրութեան սկսելու թուականը պիտի ճշդուի ներկայիս յունական կղզիներուն վրայ գտնուող գաղթականներուն մեկնումէն ետք», ըսաւ Պոզքըր` նշելով. «Թուրքիա վերադարձուելիք գաղթականներուն թիւը, եթէ համաձայնութիւնը ընդունուի, միլիոնաւոր կամ նոյնիսկ հարիւր հազարաւոր պիտի չըլլայ, այլ` հազարաւոր եւ կրնայ հասնիլ 10 հազարի»:

Ան յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ ընդունելիք գաղթականներու ընտրութիւնը պիտի կատարէ գաղթականներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատարութեան ծիրին մէջ եւ ընտրութիւնը երկիրներու պիտի չձգուի, «որպէսզի ընտրութիւնը չկատարուի «պիտի ընտրեմ 10 ճարտարապետ եւ 7 բժիշկ, որովհետեւ այդ արհեստները ինծի օգտակար են» հիման վրայ»:

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներուն յատկացուած 3 միլիառ եւրոյի գումարը ծախսելու ձեւին, Պոզքըր այն կարծիքը յայտնեց, որ ատիկա հարց մը պիտի չըլլայ: Ան նշեց, որ ներկայիս շարք մը ձեւեր կը քննարկուին` գումարը ամբողջութեամբ ուղարկել Թուրքիա եւ գումարը ծախսել Եւրոպական Միութեան մնայուն ներկայացուցչութեան հսկողութեան տակ կամ ալ գումարը ուղարկել եւ օգտագործել Միջազգային դրամատան միջոցով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+