Ակնարկ. Անգարան Եւ Պաքուն` Տարբեր Ուղղութիւններու Վրայ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

14 Mart 2016  

Ակնարկ. Անգարան Եւ Պաքուն` Տարբեր Ուղղութիւններու Վրայ -

Ակնարկ. Անգարան Եւ Պաքուն` Տարբեր Ուղղութիւններու Վրայ Ակնարկ. Անգարան Եւ Պաքուն` Տարբեր Ուղղութիւններու Վրայ

Այն պահուն, երբ պաշտօնական Անգարան յստակ կը դարձնէր, որ կ՛ակնկալէ Պաքուի միանալը Թուրքիա – Սէուտական Արաբիա դաշինքին` սուրիական պատերազմին ուղղութեամբ, Պաքուի ղեկավարը կը մեկնէր Թեհրան: Թեհրանն ու Պաքուն կը կնքէին 11 համաձայնագիրներ:

Երեւոյթները կը նախանշեն, որ որեւէ ատեն Անգարայի եւ Պաքուի շահերը այսքան չէին տարբերած իրարմէ, որքան ներկայ ժամանակներուն, յատկապէս սուրիական պատերազմին մէջ ոչ միայն ներգրաւուելու կամ չներգրաւուելու առումով, այլ ամէնէն թէժ պայմաններուն մէջ Պաքուի կողմէ դէպի Իրան նկատելի շրջադարձ կատարելու իրականութեամբ:

Բազմաթիւ էին մեկնաբանութիւնները, որ ազրպէյճանցի վարձկաններ միացած են ՏԱՀԵՇ-ին, եւ տարբեր առիթներով լուսարձակի տակ կ՛առնուէր ազրպէյճանցի սպաննուած ահաբեկիչներու ինքնութիւնը` ընդգծելու համար Ազրպէյճանէն ՏԱՀԵՇ-ի շարքերը համալրելու նկատելի փաստը:

Եւ պարզ էր, որ Պաքուն անհանգիստ էր այս երեւոյթով, ոչ անպայման ահաբեկիչներ արտադրելու թրքական բնորդին մանրանկարը պարզելու առումով, այլ նման տարրերու ալիեւեան իշխանութիւններուն սպառնալիք նկատելու իրողութեան դիմաց:

Անգարայի ահաբեկիչ արտադրելու եւ տարանցիկի դեր կատարելու հանգամանքն ու Պաքուի այս երեւոյթէն անհանգստանալու իրականութիւնը սկսելու համար հակադիր դիրքերու վրայ կը տեղադրէին Անգարան եւ Պաքուն: Երանգային տարբերութիւնը աւելի պարզ բացատրութեամբ այն է, որ երկու միջավայրներն ալ ահաբեկչական արտադրողականութեան ենթահող ունին: Անգարայի պարագային անիկա կը նպաստէ իր արտաքին քաղաքականութեան, մինչ Պաքուին` կը սպառնայ իշխանութիւններուն:

Այս իրականութիւնը այնքան կրնար սուր կերպով հակասութիւններ չընդգծել, եթէ երկու կարեւոր հանգամանքներ չաւելնային անոր վրայ: Առաջինը Պաքուի խուսանաւումնային մերժումն էր միանալու թրքասէուտական ճակատին եւ այդ օրերուն Պաքուի ղեկավարին մեկնումը Թեհրան առաւելաբար տնտեսական համաձայնագիրներ ստորագրելու յայտարարութիւններու շղարշին տակ:

Եւ երկրորդը, որ աւելի կրնայ խորացնել հակասութիւններու անջրպետը, Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնն էր. ան յայտնած էր Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու` ծրագրուող հանդիպման մասին:

Այդ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Հասան Ռուհանիի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման հարցերը», ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Հիւսէյն Անսարի:

Հիմա այնպէս կը թուի, որ Պաքուն իր աւագ եղբօր այսօրուան կատաղի թշնամիներուն հետ կը խորացնէ իր յարաբերութիւնները` անոնց տալով նաեւ իրաւական հիմք համաձայնագիրներու տեսքով եւ քննարկելով այդ համաձայնագիրներու գործնականացման ուղիները:

Առ այս պահը պաշտօնական Անգարան չէ արձագանգած Թեհրան – Մոսկուա – Պաքու յարաբերութիւններու սերտացման միտող յայտարարութիւններուն եւ այցելութիւններուն:

Համեմատաբար բնականոն պայմաններու մէջ Անգարայի քայլը կրնար ակնկալուիլ հայ-թուրք յարաբերութիւններու մերձեցման պատրանքով` ի պատասխան Անգարայի շահերուն հակադրուելու Պաքուի առած որեւէ քայլի: Այս պայմաններուն մէջ, սակայն, դժուար թէ նոյնիսկ պատրանքը աշխատի: Ներքին-արտաքին ճգնաժամերու մէջ խորասուզուող Անգարան այդ ուղղութեամբ եւս նոր ճգնաժամեր սարքելու շռայլութիւնը չունի:

Սակայն Պաքուի հաշուարկները չեն բացառեր պատրանքային հակաքայլերը. գուցէ այս պատճառով ալ Մինսքի ձեւաչափը չեղեալ յայտարարելու եւ բանակցութիւնները այլ հարթութիւններ տեղափոխելու Պաքուի վարքագիծը շրջադարձ կատարելու նախադրեալներ կը յուշէ. «Եւրոպական Միութիւնը Մինսքի խմբակին հետ պէտք է նաեւ խթան հաղորդէ, որ այդ հակամարտութիւնը տեղէն շարժի», յայտարարեց Մամետեարով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+