Ձերբակալուեցաւ Փարիզի Ահաբեկչութիւնները Կատարողներէն Մէկը - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

19 Mart 2016  

Ձերբակալուեցաւ Փարիզի Ահաբեկչութիւնները Կատարողներէն Մէկը -

Ձերբակալուեցաւ Փարիզի Ահաբեկչութիւնները Կատարողներէն Մէկը Ձերբակալուեցաւ Փարիզի Ահաբեկչութիւնները Կատարողներէն Մէկը

Պրիւքսէլի Մոլենպեք արուարձանին մէջ պելճիքական ոստիկանութիւնն ու յատուկ ջոկատայինները ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իրենց գործողութիւններու ծիրին մէջ երէկ ձերբակալեցին նախորդ տարուան նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն կազմակերպիչներէն Սալահ Ապտել Սալամը:

Ան փարիզեան ահաբեկչութեան մէջ հիմնական կասկածելիներէն է. անոր ձերբակալման նախորդեց յատուկ գործողութիւն մը, որուն ընթացքին ոստիկանութիւնը շրջափակեց տուեալ տարածքը եւ արցունքաբեր կազ գործածեց:

Սալահ Ապտել Սալամի ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեց, որ 19 մարտին պիտի գումարուի պաշտպանութեան խորհուրդի նիստ:

Ան հաստատեց, որ գլխաւոր կասկածելիներէն մէկուն ձերբակալութենէն ետք պիտի բացայայտուին ցանցի այլ անդամներ եւս: Ֆրանսայի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց պելճիքական ոստիկանութեան` դիտել տալով, որ Պելճիքայի իշխանութենէն պիտի պահանջեն Ֆրանսային յանձնել Սալահ Ապտել Սալամը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+