31 Mart 2016
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի առաջին կին հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան, որ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի ԵՄ յանձնաժողովի անդամներուն հետ Ռումինիա կը գտնուի, Պուխարեստի մէջ հանդիպած է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականը:
Տողան առաջին հերթին այցելած է տեղի առաջնորդարան եւ հանդիպած Տաթեւ Սրբազանի եւ ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի հետ:
Հանդիպման ժամանակ Սրբազանը Տողանին տուեալներ յայտնած է շուրջ 100 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական համայնքին վերաբերեալ: Համայնքի յայտնի ներկայացուցիչ Վարուժան Ոսկանեան տեղեկացուցած է, որ Ռումինիոյ մէջ հայկական համայնքի մշակութային գործունէութեան համար ամէն տարի պետութիւնը կը տրամադրէ 1 միլիոն եւրօ: Ան յայտնած է նաեւ, որ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն հայերէնի դասընթքացներ կը կազմակերպուին:
Սելինա Տողան խորհրդարանին մէջ հանդիպած է հայ պատգամաւոր Վարուժան Փամպուքչեանի հետ, որ պատմած է, որ իր ընտանիքը Ատանայէն է եւ Ռումինիա գաղթած է 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ: Ան ըսած է, որ շատ կը ցանկայ տեսնել Ատանան, որուն ի պատասխան Տողան Փամպուքչեանը հրաւիրած է Թուրքիա: