Ուաշինկթընի Մէջ Նախագահ Սարգսեան Կը Մասնակցի Հիւլէական Անվտանգութեան Վեհաժողովին - Հայերէն
18 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Մասիս / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

03 Nisan 2016  

Ուաշինկթընի Մէջ Նախագահ Սարգսեան Կը Մասնակցի Հիւլէական Անվտանգութեան Վեհաժողովին -

Ուաշինկթընի Մէջ Նախագահ Սարգսեան Կը Մասնակցի Հիւլէական Անվտանգութեան Վեհաժողովին Ուաշինկթընի Մէջ Նախագահ Սարգսեան Կը Մասնակցի Հիւլէական Անվտանգութեան Վեհաժողովին

Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ 1 ապրիլին սկսած է հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովը, որուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրով կը մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ուոլթըր Ուաշինկթընի անուան համաժողովներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային հաւաքին կը մասնակցին աւելի քան հինգ տասնեակ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ:

Վեհաժողովին պիտի քննարկուին միջազգային անվտանգութեան համար մեծ վտանգ ներկայացնող հիւլէական ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ բարձր մակարդակի նախորդ համաշխարհային հաւաքին ժամանակ մշակուած միացեալ քայլերու կենսագործման նպատակով իրականացուող աշխատանքները` համաձայն ընդունուած յայտարարութեան եւ աշխատանքային ծրագիրի, ինչպէս նաեւ նոր մարտահրաւէրները միասնաբար դիմակայելու, հիւլէական ահաբեկչութեան սպառնալիքները չէզոքացնելու, կանխարգիլելու արդիւնաւէտ գործիքակազմերը:

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 31 մարտին Պոսթընէն մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր նոյն օրը Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ, որ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցած էր շուրջ տարի մը առաջ` 7 մայիս 2015-ին, Ուաշինկթընի Մայր տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջկրօնական աղօթքին առիթով:

Զրուցակիցները երկուստեք ընդգծած են, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները մնայուն կերպով կը զարգանան միացեալ ջանքերու ու փոխադարձ քաղաքական կամքի շնորհիւ, եւ գոհունակութեամբ յայտնած են այն մասին, որ ներկայիս երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգը կը ներառէ զանազան մարզեր` քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական, անվտանգութեան, որոնց ծիրին մէջ տարեկան դրութեամբ երկու երկիրները նոր ձեռքբերումներ կ՛արձանագրեն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին համաձայն, փոխադարձ ջանքերու շնորհիւ հայ-ամերիկեան գործընկերութիւնը ներկայիս կը գտնուի երկկողմանի յարաբերութիւններու բարձրագոյն մակարդակի վրայ, իսկ ասոր խօսուն փաստերն են վերջին տարիներուն տեղի ունեցած տարբեր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները: Նախագահը բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը` յօգուտ Հայաստանի տնտեսական զարգացման, տարբեր մարզերու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն: Ան կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման առումով` յատուկ կերպով անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան:

Հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններէն բացի, հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հարաւային Կովկասի շրջանի իրավիճակին, միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն: Այդ պարունակին մէջ զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին եւ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն շուրջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները սթափեցնելու առումով հայկական կողմը կ՛ապաւինի միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս համանախագահող երկիրներու յստակ միջամտութեան` ձեռնարկելու գործօն քայլերու, այնքան ատեն որ տակաւին անոնք կրնան բան մը փոխել:

Նախագահ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ խաղաղ լուծման վերաբերող անոնց աշխուժ ջանքերուն համար: Վերջիններուն կողմէ իրականացուող քայլերը, ըստ նախագահին, օրինակելի կրնան ըլլալ բազմաթիւ այլ երկիրներու խորհրդարանականներուն համար:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ մեծ մտահոգութիւն կայ երկրի անմիջական կից ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութեան վերաբերեալ, որ լիովին դատապարտելի է: Ան ցաւով նշած է, որ տեղի ունեցող վայրագութիւններուն իբրեւ հետեւանք կը սպաննուին եւ գաղթական կը դառնան նաեւ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ բնակող բազմաթիւ հայեր, կը վնասուին եւ կ՛ոչնչացուին շրջանի բազմադարեան հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան նմուշները:

Փոխնախագահ Պայտըն բարձր գնահատած է Հայաստանի ջանքերը` Սուրիայէն մեծ թիւով գաղթականներու ապաստան տալու եւ սուրիահայութեան համար կենսագործունէութեան պայմաններ ստեղծելու վերաբերեալ:

Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններուն խնդիրները լուծելու, քրիստոնէական համայնքներուն վերադարձը խթանելու, անոնց բազմադարեան մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը պաշտպանելու նպատակով գործօն ու արդիւնաւէտ հոլովոյթներ կը մշակուին: Սերժ Սարգսեանն ու Ճօ Պայտընը նաեւ վստահութիւն յայտնած են այն մասին, որ միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+