Ռուտսքոյ. «Թուրքիան Զէնք Կը Մատակարարէ Ժապհաթ Նուսրային» - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

14 Nisan 2016  

Ռուտսքոյ. «Թուրքիան Զէնք Կը Մատակարարէ Ժապհաթ Նուսրային» -

Ռուտսքոյ. «Թուրքիան Զէնք Կը Մատակարարէ Ժապհաթ Նուսրային» Ռուտսքոյ. «Թուրքիան Զէնք Կը Մատակարարէ Ժապհաթ Նուսրային»

Արմէնփրես վկայակոչելով ռուսական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ սպայակոյտի անդամ Սերկէյ Ռուտսքոյ յայտարարած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ զէնք մատակարարել շրջանին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորումին:

«Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն վրայով զէնք կը մատակարարէ Ժապհաթ Նուսրային», ըսած է Ռուտսքոյ:

Ան ըսած է, որ հակառակ յայտարարուած զինադուլին, Թուրքիան վերջ չէ դրած Ժապհաթ Նուսրային զէնքի մատակարարումին եւ անոր զինեալներու հովանաւորումին:

Նշելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ համագործակցող ժիհատական կազմակերպութիւնները կը շարունակեն Հալէպի մօտ գտնուող Շէյխ Մաքսուտ եւ Զակրա քաղաքներուն դէմ իրենց յարձակումները, Ռուտսքոյ ըսած է, որ եթէ այդ յարձակումները յաջողութիւն ունենան, ապա Սուրիոյ հիւսիսը պիտի յայտնուի դժուար կացութեան մէջ:

«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ ատոր կողքին Ռուսիան յայտարարած է, որ Հալէպի ամբողջական ազատագրման առնչուած ծրագիր տակաւին գոյութիւն չունի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+