Պինալի Եըլտըրըմ` Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Նախագահ - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

23 Mayıs 2016  

Պինալի Եըլտըրըմ` Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Նախագահ -

Պինալի Եըլտըրըմ` Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ` Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Նախագահ

Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտակարգ ընդհանուր ժողովին ընթացքին ժողովին մասնակից 1470 պատուիրակներէն 1405-ին քուէներով ընտրուեցաւ իշխող կուսակցութեան նախագահ:

Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ փոխադրամիջոցներու, նաւագնացութեան եւ հաղորդակցութիւններու նախարար, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մօտիկ անձնաւորութիւն մը եղող Եըլտըրըմ այդ պաշտօնին միակ թեկնածուն էր: Աւանդաբար երկրին վարչապետ կը դառնայ մեծագոյն կուսակցութեան նախագահը: Կը սպասուի, որ այդ առնչութեամբ Թուրքիոյ նախագահը շուտով զինք պիտի լիազօրէ ձեւաւորելու նոր կառավարութիւնը:

Եըլտըրըմ խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարեց. «Կը հարցնեն, թէ ե՛րբ պիտի աւարտին (ահաբեկչութեան դէմ) գործողութիւնները: Ես կը յայտարարեմ, որ անոնք պիտի շարունակուին, մինչեւ ապահովուի մեր ժողովուրդի լիարժէք անվտանգութիւնը, մինչեւ վերջ գտնեն մեր քաղաքացիներուն դէմ յարձակումները»:

Եըլտըրըմ Թուրքիոյ ժողովուրդին կոչ ուղղած է «չմտահոգուելու, որովհետեւ Թուրքիան պիտի ձերբազատուի այդ սպառնալիքէն»: Ըստ անոր, երկիրը «կը պայքարի ոչ միայն անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ», այլ նաեւ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց երկրին մէջ որդեգրելու նախագահական դրութիւն մը եւ անցում կատարելու «նախագահական տէ ֆաքթօ» դրութենէն «տէ ժիւրէ դրութեան»:

Էրտողան երէկ ընդունեց վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի հրաժարականը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+