Իսրայէլի հետ համագործակցութիւն - Հայերէն
15 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Արամազդ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

31 Mayıs 2016  

Իսրայէլի հետ համագործակցութիւն -

Իսրայէլի հետ համագործակցութիւն Իսրայէլի հետ համագործակցութիւն

Պոլսոյ մօտ Իսրայէլի գլխաւոր հիւպատոս Շայ Գոհէն յայտարարեց, որ իսրայէլեան բնական կազ արտահանելու գլխաւոր եւ միակ յարմար ուղին` Թուրքիոյ միջոցաւ է: Հիւպատոսին համաձայն, բնական կազի հարցով թրքական-իսրայէլեան հաւանական համաձայնութիւն մը պիտի ըլլայ բնական, նկատի
առնելով տարածաշրջանային կացութիւնը: «Այս հանգրուանին ուժանիւթային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւն կայ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ:

Ռազմաքաղաքական առումով, առանց Թուրքիոյ դերակատարութեան, շատ դժուար պիտի ըլլայ ամբողջացնել ուժանիւթային փոխանցումները», ըսաւ
հիւպատոս Գոհէն: 


Այլ գիծի վրայ, թուրք ու եւրոպացի պատասխանատուներ համաձայնեցան շարունակել մուտքի արտօնագիրներու պայմանները մեղմացնելու մասին մասնագիտական բանակցութիւնները: Այս առումով Թուրքիոյ արտաքին գործոց ու Եւրոմիութեան հարցերու նախարարները տեսակցեցան Եւրոմիութեան յանձնակատարի տեղակալին հետ, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովի մը ընթացքին: Նշենք, որ եւրոպացիները Անգարայէն կը պահանջեն գործադրել երեք վերջին նախապայմանները, արտօնելու համար թուրք քաղաքացիներու անվիզա մուտքը` Եւրոպա:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+