Թրքական Մամուլի Արձագանգը` Պունտեսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրման - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

05 Haziran 2016  

Թրքական Մամուլի Արձագանգը` Պունտեսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրման -

Թրքական Մամուլի Արձագանգը` Պունտեսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրման Թրքական Մամուլի Արձագանգը` Պունտեսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրման

Ակօս կը ներկայացնէ թրքական մամուլի անդրադարձը Պունտեսթակի կայացուցած որոշումին առնչութեամբ: Այդ հարցը գրաւած է թրքական 25 օրաթերթերու առաջին էջերը: Որոշ թերթեր Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումը դատապարտած են, ուրիշներ ալ` ատելութեան թիրախ դարձուցած:

– «Հիւրրիյէթ»-ի առաջին էջին վրայ կայ «Ամօ՛թ ձեզի» վերնագիրը. նիւթին մէջ կը նշուի, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը քուէարկութեան չէ մասնակցած, նաեւ Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւններուն տրուած է առաջնակարգ տեղ:

– «Ենի Շաֆաք» իր առաջին էջին վրայ տպած է «Թուրքիան ասիկա պիտի չմոռնայ» վերնագիրը: Նիւթին մէջ կը նշուի, որ բանաձեւին դէմ քուէարկող միակ երեսփոխանը Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութենէն Պերթինա Քուտլան է: «Կանաչներու» կուսակցութեան` թրքական արմատներով համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրն ալ, իբրեւ «ազգի խայտառակութիւն», թիրախի վերածուած է:

– «Սթար»-ի առաջին էջը ամէնէն քննարկուողն է. այստեղ Մերքել պատկերուած է Հիթլերին բնորոշ պեխով: «Ամէն ինչ` յանուն ՔԱԿ-ի», կ՛ըսէ վերնագիրը: Այստեղ ատելութեան թիրախ դարձած են Էօզտեմիրի գլխաւորութեամբ թեր քուէարկած բոլոր երեսփոխաններն ու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ դատապարտող յայտարարութիւնը չստորագրած քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:

– «Պիրկիւն» թերթը կը գրէ. «Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը հաստատուեցաւ. Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կ՛ըսէ` առ ոչինչ է»:

– «Վաթան»-ի առաջին էջին վրայ տեղ կը գրաւէ դէմ քուէարկած միակ երեսփոխանը. «Միայն Պեթինան»` ըսուած է վերնագիրին մէջ:

– «Թարաֆ» օրաթերթը կ՛օգտագործէ «Գերմանիոյ հետ ցեղասպանութեան ճգնաժամը» վերնագիրը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+